image

Հայերէնը կը զուարճանայ (100)

Հայերէնը կը զուարճանայ (100)

Մեր նախորդ յօդուածով  ակնարկեցինք բառերու, որոնց ուղղականն ու սեռականը մեր լեզուի   պատմութեան  ինչ-որ մէկ փուլին եղած են նոյնը, օրինակ՝  սերման, որ ուղղական ու սեռական էր, եւ  կը զանազանուէր  մի՛այն շեշտով՝ սե՛րման՝ ուղղական, սերմա՛ն՝ սեռական:

Սե՛րման-ի վերջին ձայնաւորը անշեշտ մնալով ժամանակին հետ  կորսուած է, եւ բառիս ուղղականը դարձած է սե՛րմն, մինչ սեռականը մնացած է նոյնը՝ սերմա՛ն:

Սերմն-ի  հոլովական յարացոյցն էր՝ սերմն-սերման-սերմամբ:

Մենք տուինք այլ բառեր, ինչպէս՝ ակն, գագաթն,  դիտումն, ուսումն եւ այլն, որոնք իրենց կարգին   ունեցած պէտք է ըլլան  նոյնաձեւ  ուղղական ու սեռական:

Հիմա հարցը, որ կը ծագի, հետեւեալն է՝  մեր բառերու ճիշդ ո՛ր  շերտն ու տոկոսը կը պարզէին այս  կացութիւնը, այսինքն՝ ունեցած են հասարակաց ուղղական ու սեռական:

                                                                            *   *   *

Կարելի՞ է մտածել, թէ այս կանոնին տակ կ’երթան  ն-ով վերջացող եւ սուղ վանկ ունեցող բառերը, այսինքն՝ վանկ, որ կազմուած է երկու բաղաձայնէ, որոնց միջեւ կը լսուի չգրուող ը ձայնաւորը՝ մա-սըն,  ա-կըն, գագա-թըն, դիտու-մըն, ուսու-մըն:

Բայց ահա կը նկատենք, որ նոյն հակումը ունին եզր եւ կայսր բառերը, որոնց նմանապէս ուղղականն ու սեռականը  նոյնացած են՝ եզեր եւ կայսեր ձեւերով:

--Եզր բառին յոգնակին է եզերք. արդ, հայերէնը յոգնակի  կը կազմէ  ք աւելցնելով  անոր եզակի՛ սկզբնաձեւին վրայ,  ինչպէս՝ ծառ-ծառք,  հովիւ-հովիւք:   Քանի ունինք եզերք, սա կը նշանակէ թէ բառին սկզբնաձեւը եղած է եզեր սեռականը, որ իբրեւ սկզբնաձեւ տուած է եզերել, եզերապահ, եզերական եւ այլն, եւ այս եզեր-ն է,  որ յետոյ դարձած է  եզր:

--Կայսր-ը յարաբերաբար նոր բառ է. ան հայերէն մտած է ամենաուշը առաջին դարու  երկրորդ կէսին՝ Յուլիոս Կեսարի անունին հետեւողութեամբ, որ   կ’արձանագրուէր կայսեր: Այս անունը շատ հարազատ պահուած է գերմաներէն kaiser > կայսեր բառին մէջ, որ հայերէն  անցած է իբրեւ ուղղական-սեռական՝   հետագային տալով  կայսր ուրոյն  ուղղականը :

Արդ, այս երկուքը՝ եզր եւ կայսր,  նմանապէս  կը յատկանշուին իրենց վերջի սուղ վանկով՝ զըր եւ սըր, ճիշդ նախորդներուն պէս:

Համբերատար փնտռտուք մը մեզ կ’առաջնորդէ այլ լուսաւոր բացատներ:

--Վերոնշեալներուն կը հետեւի աստղ բառը, որ իր կարգին օժտուած է բառավերջի սուղ վանկով՝ տըղ: Արդարաեւ, այս բառին հնդեւրոպական հնագոյն վկայութիւնը յունարէն aster ձեւն է, որ հայերէն  նախապէս տուած պիտի ըլլայ   աստեղ՝ իբրեւ   ուղղական եւ սեռական: Սա աւելի ուշ  իր կարգին երկփեղկուած է եւ տուած է աստղ ինքնորոյն ուղղականը:

--Այս աւանդոյթին կը հետեւի լատիներէն arcula-ն, որ է իտալերէն arcela. կը նշանակէ սնտուկ, պահարան, գանձանակ: Ասոնց հետեւողութեամբ հայերէնը ունեցած է արկեղ, որ հետագային  տուած է արկղ ուղղականը, իմա՝ ար-կըղ:

--Եւ վերջապէս սիտղ-սիտեղ, որ կը նշանակէ ջրաման, դոյլ, արաբերէն՝ սաթըլ. ասոր լատիներէն համարժէքն էր situla: 

 

--Հնդեւրոպական tiger ձեւ մը, որ մինչեւ այսօր ալ յատուկ է անգլերէնին ու գերմաներէնին ալ, hայերէն տուած է վագեր (t=ւ,վ, g=գ) հասարակաց հոլովը, որ աւելի ուշ իր կարգին տուած է վագր ուղղականը, որ է՝  վա-գըր:

Նոյն կանոնի արտացոլումներն են՝ ամարան > ամա՛ռն-ամրա՛ն, ձմերան > ձմե՛ռն-ձմրա՛ն, դուրան > դո՛ւռն- դրա՛ն, լեարին > լեա՛ռն-լերի ՛ն, այլեւ՝ ակն-ական, բուռն-բռան, գառն-գառան, կողմն-կողման, կուռն-կռան, հիմն-հիման, ձեռն-ձեռին, ձուկն-ձկան, մուկն-մկան, նուռն-նռան, ոսկր-ոսկեր, ոտն-ոտին, սաղմն-սաղմին, սերմն-սերման, սառն-սառին  եւ այլն: 

Եթէ համադրենք մեր տեսած բոլոր բառերը եւ փորձենք  հասարակաց կանոնի մը տակ տանիլ զանոնք, ապա որոշ ստուգութեամբ  պիտի կարենանք բանաձեւել հետեւեալը. «Պատմականօրէն ուղղական եւ սեռական հոլովներու նոյնութիւն  ներկայացուցած են հայերէնի ա՛յն գոյականները, որոնք  գրաբար հասած  էին   բառավերջի սուղ վանկով»:

Մեր գիտելիքներու արդի փուլին ու մակարդակին չենք կրնար ուրիշ՝ աւելի  «գիտական» ու ընդգրկուն կանոնով մը բացատրել  ձեւաբանական այս իւրայատուկ երեւոյթը ցուցաբերող  բառերը:

Եզրակացութիւն

Այս բերուածներով կրնայ չսպառիլ ցանկը այն բառերուն, որոնք ունեցած ըլլան ուղղականի ու սեռականի հասարակաց  հոլովաձեւ մը, որ  միայն իր   շեշտով կը զանազանուէր: Միւս կողմէ, ենթադրելի է, որ այնքան ալ մեծ չի կրնար  ըլլալ անոնց թիւը, եթէ իրապէս մնացին ուրիշներ, որոնց չակնարկուեցաւ այստեղ:

Առ այժմ ա՛յս է մեր գիտցածը, մինչեւ որ  օր մը լեզուական ինչ-որ հնար մը երեւան հանէ բերուած կանոնին հետեւած այլ բառեր, որոնց իմացութիւնը չունինք առայժմ: 

                                                   *   *   *

Հիմա երկու խօսք «սեռական հոլով» անուանումին մասին:

Մենք սեռական  եզրը պէտք է առած ըլլանք յունա-լատինական թելադրանքով, ուր ան կը կոչուի γενικη πτώσις  եւ  casus genitivus: Այս անունով ալ տուեալ հոլովը կը բնորոշեն յունա-լատինական բոլոր հետագայ բարբառները:

Գիտենք որ gen արմատը կը նշանակէ ծին, ծնունդ:

Արդ,  հնդեւրոպական սեռակաան հոլովը ճիշդ ի՛նչ կապ ունի  gen` ծին կամ ծնունդ արմատին հետ,− չեմ գիտեր,  կրնա՞ր այստեղ եւս ան  դեր մը ունենալ գոյականին    ծննդաբանութեան,  սկզբնաձեւին հետ, ինչպէս է պարագան  հայերէնին:  Ոչինչ կրնամ ըսել,  քանի անծանօթ եմ այդ երկու լեզուներուն:

Եւ վերջապէս  սեռական եզրի... ուղղագրութեան մասին:

Մենք իրաւունք ունէի՞նք gen (=ծնունդ) արմատը սեռ-ով բնորոշել:

Ո՛չ, չունէինք: Հոլովը, որուն ակնարկեցինք սեռի՝ sexe-ի հետ առնչութիւն չունի:

Gen-ը ծնունդ-ն է, իսկ հայերէն ծնունդը բնորոշող արմատը  սեր է, որմէ սերիլ=ծնիլ, ծնունդ առնել, սերունդ=ծնածներ, ծնունդ առածներ,   սերական (genitalis)= «սերնդական, սերնդից սերունդ անցնող» (Մալխասեան):  Մեր բառարանագիրներէն միայն հայր Սրապիոն Էմինեանը օգտագործած է «սերական հոլով» ակնկալուած անուանումը («Բառգիրք երեքլեզուեան», Վիեննա, 1871):

Կարելի՞ է հիմա սրբագրել այդ եզրը ու այսուհետւ գրել «սերական հոլով»: 

Ո՞վ գիտէ...

 

Մրցոյթ 92.

***Մէ՞ջ, թէ՞ միջեւ 

---Այնուհետեւ խաղաղաութիւն հաստատուեցաւ այդ երկու թշնամի երկիրներու  մէջ:

---Այնուհետեւ հաշտութիւն հաստատուեցաւ այդ երկու թշնամի երկիրներու միջեւ:

***Լրացնել  յարմար շաղկապներով.

---Ան հետարքրուած էր այցելուին  ոչ թէ խելքով, այլ քսակով:

---Ան հետաքրքրուած էր այցելուին ոչ միայն խելքով, այլեւ քսակով:

---Ան հետաքրքրուած էր  այցելուին ոչ այնքան խելքով, որքան քսակով:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան(8), Ռուբէն Ճամպազեան(8), Արա Մխսեան (10), Համբարձում Յարթունեան (10), Գեղամ Խաչատրեան(10), Վահէ Աբէլեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (10), Եփրեմ Թոքճեան (10), Ալին Գարակէօզեան(10):   

Մրցոյթ 93.

***Ստորեւ բերուած կառոյցները թերի են. սրբագրել զանոնք:

--- Սիրուած  երգիչը կը պատրաստուի կրկին անգամ հանդիպելու հանրութեան հետ:

--- Անոնք դատ բացին Անգարայի դէմ՝ միլիոնաւոր դոլարի հատուցում պահանջելով:

--- Տարբերութիւնը զգալու համար՝ կը բաւէր քանի մը անգամ փորձել եւ արդիւնքները չափել:

--- Ըստ թերթին՝ նախարարնե՛րն են, որոնք մղած են նախագահը պատերազմ յայտարարելու:

--- Ազգային արժէքները օրն ի բուն կը փորձուին վարկաբեկուիլ:

 

Արմենակ Եղիայեան