image
Հրատապ լուրեր:

Հայերէնը կը զnւարճանայ (151)

 Հայերէնը կը զnւարճանայ (151)

  Մի՛ գրէք՝      Սուրբ  Ծնունդ  - Սուրբ  Ծննդեան,

Այլ գրեցէք՝   Սուրբ  ծնունդ   - Սուրբծննդեան 

      Մի՛ գրէք՝      Սուրբ  Գիրք      - Սուրբ  Գրային

      Այլ գրեցէ՛ք՝  Սուրբ  գիրք       - Սուրբգրային

2. Ութիւն...

Հայերէնի ամենակենսունակ ածանցն է եղած այս ու կը շարունակէ  մնալ այդպիսին. ասով կ’ածանցենք հազարաւորներու հասնող բառեր՝ պարզ, ածանցաւոր թէ բարդ, ամէն անգամ ալ միշտ ու անպայման ստանալու համար գոյական մը:

--քաջ-քաջութիւն

--յաջող-յաջողութիւն

--քաղաքապետ-քաղաքապետութիւն

Իր բարձր յաճախականութեան բերումով գրաւոր խօսքի  ամենաշատ տողադարձումի ենթակայ ձեւոյթներէն մէկն :

Արդ, ինչպէ՞ս կը տողադարձենք մենք այս ածանցը կրող բառերու սեռական-տրականն ու գործիականը:

Քիչ մը ամէն արեւմտահայ, ներառեալ Աբիսողոմ աղան, պիտի պատասխանէ.

−Ատ ալ չգիտնալիք բա՞ն է: 

Արեւմտահայուն չգիտցածը կա՞յ, կրնա՞յ ըլլալ:

Այս եւ նմանները կը վանկատենք ու կը տողադարձենք հետեւեալ ձեւով.

քաջու-թեան քաջու-թեամբ

Հիմա փորձեցէ՛ք արտասանել այս ենթադրեալ տողադարձումները եւ քայլ առ քայլ հետեւեցէք ձեր սեփական արտասանութեան. եւ պիտի նկատէք, որ  արտասանութիւնն ու գրութիւնը չեն համապատասխաներ իրարու:

Փաստօրէն կ’արտասանէք ՝ 

քաջութ-եան թաջութ-եամբ

Հապա ինչո՞ւ կը գրենք քաջու-թեան, քաջու-թեամբ,− որովհետեւ արեւմտահայ ենք, եւ ոչ մէկ անհեթեթութիւն կը գայթակղեցնէ մեզ. վկայ... մեր լրագրերը:

Այս պարագային այդ անհեթեթութիւնը թելադրողը գրաբարն է:

Վասնզի գրաբարը այսպիսիները կ’արտասանէր քաջու-թէան, քանի որ  մեսրոպեան «ե» տառը կը հնչուէր, լա՛ւ մտիկ ըէրէք՝ կը հնչուէր «է» բոլո՛ր դիրքերու  մէջ ա՛նխտիր, նաեւ ա՛յստեղ:  Արդ, եթէ մենք ալ այդ տառը արտասանենք «է», ապա մե՛նք եւս ինքնաբերաբար պիտի վանկատենք ու տողադարձենք սա՛ ձեւով՝ քաջու-թեան:

Աւելցնեմ, որ գրաբարը կ’արտասանէր, կը վանկատէր ու կը տողադարձէր նաեւ՝  --ա-տէան  >  ա-տեան,  մատէան  >  մա-տեան, պատէան  >  պա-տեան,

--երկա-թէայ > երկա-թեայ, ոս-կէայ > ոս-կեայ, Մամիկո-նէան > Մամիկոն-նեան:

Եւ ուրեմն՝

Տարրական տրամաբանութիւնը կը թելադրէ, որ յարգե՛նք ու սիրենք  գրաբարը, սակայն հետեւինք մե՛ր արտասանութեան. աշխարհաբարին իրաւունքն է այդ, մանաւանդ որ այդ աւանդական տողադարձը Մեսրոպի օրով գոյութիւն չունէր. անկէ հազար տարի ետք հաստատուեցաւ ան օրուան արտասանութեան հիմամբ,  ուրեմն ոչինչ կ’արգիլէ, որ մենք ալ տողադարձենք մե՛ր արտասանութեամբ եւ  իրարու չհակադրենք արտասանութիւնն ու գրութիւնը:

Ուրեմն,  օ՛ն.  քա՛ջ եղէք ու գրեցէ՛ք՝ 

--քաջութ-եան, յաջողութ-եան, քաղաքապետութ-եան

--թաջութ-եամբ, յաջողութ-եամբ, քաղաքապետութ-եամբ

--ատ-եան, պատ-եան, մատ-եան, Մամիկոն-եան

Այլ խօսքով՝ գրենք ըստ մեր հարազատ արտասանութեան:

Տարրական բարեկարգում մըն է այս եւ կը դիւրացնէ հայերէնի ուղղագրութիւնը. օտար լեզուներով յագեցած ու բեռնաւոր հայ մանուկին համար  ալ օգտակար է ան:

3. Հայրենի սիրուած լրագրող Արայիկ Մկրտումեան կը գրէ.

«Շրջեցէ՛ք Երեւանի կամ Հանրապետութեան այլ քաղաքի մը պողոտաներով:

Վաճառատուներու, կրպակներու եւ վաճառքի այլ վայրերու անուններուն տասէն եօթն օտարատառ է ու օտարալեզու, հինգէն երեքը՝ հայատառ, բայց ոչ հայաշունչ, այսինքն՝ անգլերէն բառերը գրուած են հայատառ՝ յառաջացնեհլով  աւելի նողկալի տպաւորութիւն»:  

Զգալի է այն խոր զազրանքը, որ այս ազնիւ երիտասարդը կը տածէ պարզուած երեւոյթին հանդէպ եւ որով կը յաջողի համակել ընթերցողը:

Առ այս ան կը բերէ հետեւեալ հաւաքածոն, որ բացատրութեան չի կարօտիր.

--Թիմ մեյդ սոլուշնս --Վին կոնստրակտ --Էն էմ լաբ

--Գրին ֆրէնտ --Քլին տաք --Առավել գրուփ

--Բեստ քոնսալթինգ քո --Սպեցպոստավկա --Կոնսորս

--Ռիչ տուր --Էներգովեստ --Սարկողի

--Ավտոքարտ --Գազարդ --Տվոե

--Լեդկրիստալ --Նիու հայվեյ --Սմարթ դրայվ

--Հիդրոմարշ սերվիս

Ինչպէս նկատելի է, ռուսերէնը ամբողջական նահանջի մէջ է, ջնջուած է մտքերէն, սակայն ի՞նչ օգուտ... անոր տեղը հայերէնը չէ վերադարձած. զայն փոխարինած է արեւմուտքը, գլխաւորաբար Ամերիկան իր անգլերէնով:  

Կը թուի, թէ այս կացութիւնը՝ ցուցանակներու այս ամերիկանացումը (americanization), նոյն թափով ու տարողութեամբ կը տիրէ երկրի ամենահեռաւոր ու խուլ անկիւններուն մէջ, ուր հազիւ թէ ամբողջ տարին մէկ օտար զբօսաշրջիկի ոտք իյնայ. սակայն կը յամառի՛ն, կը պահեն այս օտարաբանութիւնները եւ... երկիւղածութեամբ կը սպասեն, որովհետեւ տարուած են երազով մը, որ  կը թովէ, կ’առինքնէ  զիրենք եւ որ  այնքան խանդաղատանքով կը փայփայեն...

Ե՞րբ կարգը պիտի գայ  Հայաստանն ու հայութիւնը հայացնելու: Մաղթենք, որ   ներքին գզուըտուքը վերջ գտնէ ու տրուի ցանկալի որոշումը... ուշ ըլլալէ առաջ:

Մրցոյթ148.

***Կէտերը փոխարինել իրեն կամ անոր դերանուններէն մէկով.    . 

---Թորոս այցելեց Մարկոսի, իրեն  ընկերացաւ տասնամեայ մանչը:

---Թորոս հանդիպեցաւ Մարկոսի, անոր կ’ընկերանար անծանօթ մարդ մը:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

---Փլուզումի հետեւանքները տարուան կէսին զգալի դարձան:

---Այս երկու խնդիրները անքակտելիօրէն  կապուած են (իրարու):

***Ո՞ր շարադասութիւնը աւելի  հայեցի ու տպաւորիչ կը գտնես.

---Որպէսզի յիշելով մեր հերոսները՝ ապրինք վերանորոգ կեանքով

Ճիշդ պատասխանած են՝ Քերոբ Էքիզեան (10), Գեղամ Խաչատrեան (6), Շաքէ Մանկասարեան-Գրոկան (7), Յովիկ Աթոքեան (5), Գէորգ Եազըճեան (9), Վահէ Աբէլեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (9), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (9),  Համբարձում Յարթունեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (8) 

Մրցոյթ 149

***Կէտերը փոխարինէ հետեւեալներէն մէկով՝ այլ կամ այլեւ.

---Ոչ միայն պատահական խանութներ, . . . . . . . . . ամբողջ շուկան այրած էր: 

***Ջնջէ՛ աւելորդաբանութիւնները.

---Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը  տարբերութիւնները։

***Ո՞ր կէատդրութիւնը ճիշդ է:  

***Հետեւեալ երկուքէն ո՞ր մէկը աւելի  առոյգ ու տպաւորիչ կը գտնես.  

---Ինչ-որ ազերի Կուրբանով մը, 1917-ին հատելով հայ-ազերի սահմանը,  սպա-նած է երեք հայ զինծառայող:

     Ինչ-որ ազերի Կուրբանով մը, 1917-ին հայ-ազերի սահմանը հատելով, սպա-նած է երեք հայ զինծառայող:

***Կէտերը փոխարինէ հետեւանքով կամ շնորհիւ բառերէն մէկով.

---Այս տարի բերքը առատ էր  յորդահոս անձրեւին . . . . . . . . . .: 

     Տան պարիսպները քանդուեցան յորդահոս անձրեւին . . . . . . . . . .: 

     Անոնք  նոր դիրքեր գրաւեցին   մեր սխալ ռազմավարութեան. . . . . . . . . .:

---Անոնք  նոր դիրքեր գրաւեցին   մեր սխալ ռազմավարութեան. . . . . . . . . .:

---Նոր դիրքեր գրաւեցինք  թշնամիին սխալ ռազմավարութեան . . . . . . . . . .:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com