Շանբերան
Լատիներէն անուանումը՝ antirrհinum:
Հայերէնի ընտրած այս զարմանալի անունը հետեւեալ ձեւ բացատրուած կամ արդարացուած է Մալխասաենի կողմէ. անոր ծաղիկները «հորթի կամ շան կնճիթի տեսք ունեն» (էջ 498):
Ֆրանսերէնը շուարած է, թէ ինչպէ՛ս անուանէ զայն՝ tête-de-veau “հորթի գլուխ”, gueule-de-veau “հորթի դունչ”, gueule-de-loup “գայլադունչ”, gueule-de-lion “առիւծա-դունչ”:
Նուազ թելադրական չէ անգլերէն անուանումը՝ snap-dragon “վիշապախայթ, վիշապադունչ”:
Գործակցութիւն եւ...
***Շեշտը [դրուած է] առեւտրական համագործակցութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան վրայ («Ազդակ», 12/8/2025, էջ 8):
Ոմանք չեն կրնար ձերբազատիլ հայերէնի բառերը անմիտ ու ախտագին աւելորդաբանութիւններով օժտելու, այսինքն՝ ծանրաբեռնելու մոլորութենէն, դուք հասկցէք՝ մոլուցքէն:
Նման մոլուցքի մը թելադրանքով է, որ կազմուած են համագործակցութիւն բառը եւ փոխադարձ գործակցութիւն բառակապակցութիւնը:
Համա- նախածանցը կը նշանակէ միասին, նոյն. օրինակ՝ «համակարծիք» կը նշանակէ նոյն կարծիքը ունեցող, համատեղ՝ նոյն տեղը ունեցող, այսինքն՝ նոյն տեղը միասնաբար գրաւած, նոյն տեղը միասնաբար գտնուող:
Հետեւաբար՝ համագործակցութիւն պիտի նշանակէ նոյն... գործակցութիւնը ունեցող, նոյն գործը ընող: Արդ, գործակցութիւն-ը առանձին արդէն կը նշանակէ նոյն գործի կատարումը, նոյն գործին նուիրիումը: Ասոր վրայ համա- նախածանցի յաւելումը այլեւս ոչ զարդ է, ոչ զարդարանք, այլ անմիտ կրկնաբանութիւն մը:
Նոյնքան, եթէ ոչ աւելի զազրելի կրկնաբանութիւն մըն է փոխադարձ գործակցութիւն բառակապակցութիւնը:
Քանի որ հոն ուր գործակցութիւն կայ, ինքնաբերաբար կայ նաեւ փոխադարձութիւն, որովհետեւ գործակցութիւնը չի կրնար ինքնագլուխ ըլլալ, ան անպայման ներդաշնակ պիտի ըլլայ երկու իրարու հետ գործողներու:
Առնենք օրինակի համար կօշիկ արտադրող վարպետ մը եւ անոր աշկերտը:
Պարզ է, որ ասոնք երկուքը պիտի աշխատին նոյն կօշիկին զանազան մասերը արարելու, ստեղծելու ուղղութեամբ. վարպետը պիտի ընէ բան մը կամ բաներ, աշկերտը իր կողմէ պիտի ընէ ուրիշ բան մը կամ ուրիշ բաներ, որոնց բոլորին գումարը պիտի յանգի կօշիկի ամբողջացումին, կօշիկի ու կօշիկներու արտադրութեան:
Այսպիսին է ամէն գործակցութիւն եւ բոլոր... գործակցութիւնները:
Գործակցելու ուրիշ ձեւ չկայ:
Ուստի փոխադարձ ածականը մտային ապուշ ու անիմաստ բեռ մըն է:
Ենթակայ/բայ համաձայնութիւն
Ըսել կ’ուզեմ... անհամաձայնութիւն:
Կարդանք հետեւեալ օրինակը, որ իր տեսակին մէջ բաւական իւրայատուկ է.
***«Իրական Հայաստանի» քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեն-սունակութիւնը կը շարունակեն մնալ հարցականի տակ («Ազդակ», 13/8/2025, էջ 3):
Ուր՝
Եզակի ենթակային՝ կենսունակութիւնը, տրուած է յոգնակի ստորոգիչ կամ դիմաւոր բայ՝ կը շարունակեն:
Ինչպէ՞ս,- պիտի առարկէք իրաւամբ,- կարելի է այսքան դիւրաւ սխալիլ:
* * *
Լուսահոգի Շաւարշ Նարդունի կը սիրէր ըսել. «Ամէն սխալ կը հիմնուի “տրամաբանութեան” մը վրայ»: Եւ ամէն սխալող ունի իր «տրամաբանութիւնը»:
Նոյնիսկ... «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը:
Արդ, ո՞ւր է այս սխալին տրամաբանութիւնը:
Անուշադիր գրողը «մտածած է», որ խնդրոյ առարկայ են մէկէ աւելի շարունակողներ՝ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բնոյթի, սակայն, ասոնք գոյական չեն, ենթակայ չեն, այլ, ածականներ են, որոնք կը բնութագրեն մէկ ու միասնական գոյական-ենթական, որ է կենսունակութիւնը եզակի բառը:
Այսլ խօսքով՝ ենթական ինքը՝ կենսունակութիւնը, կը մնայ եզակի:
Եւ կը պահանջէ եզակի ստորոգիչ՝ կը շարունակէ:
Կենսունակութիւնը կը շարունակէ...
Մրցոյթ 44.
***Դուն ինչպէ՞ս պիտի գրէիր հետեւեալը.
---Ինտրան մնաց հայ գրականութեան մէկ առանձնայատուկ ու բացառիկ ձայնը մը:
***Վերաշարադասէ հետեւեալը.
---Ան բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղէ՝ խուսափելու (համար) ապահովական հետագայ սրումէն:
***Ո՞ր դերանուն կը դնես կէտերուն տեղը՝ իր թէ՞ անոր:
---Կը գնահատենք լիբանանեան կառավարութեան պետութեան գերիշխա-նութիւնը տարածելու եւ զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու ջանքերը («Ազդակ», 29/9/2025, էջ 1):
***Դուն ինչպէ՞ս կը գրէիէր հետեւեալ նախադասութիւնը.
---Որևէ գործնական նախաձեռնութիւններ մէջտեղ չէր բերած երեսուն տա-րուայ ընթացքին:
***Հետեւեալին բառային եւ շարադասական ի՞նչ բարեփոխում կը բերես:
---Վարչապետը իր սուր կեցուածքովներով հաւաքին աւելի մեծ խթան տուաւ հանդիսացաւ հաւաքին:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Արթուր Խաչատրեան (6), Համբարձում Յարթունեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Վահէ Աբէլեան (8),Պերճ Տէր Սահակեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (10), Միրնա Սիւլիւքճեան (3):
Մրցոյթ 45.
***Դուն ինչպէ՞ս կը գրէիր հետեւեալ նախադասութիւնը.
---Թերթի այդ թիւին մէջ ընդգծելի է գրող տիկին Սիմոնեանի ծրագրի մը բացայայտումը («Նոր Յառաջ», 2/10/2025, էջ 5):
***Դարմանէ՛ հետեւեալին անհամասեռութիւնը.
---Նախագիծը կը վերաբերի... յանցագործութիւններու հերքումին, արդարա-ցումին կամ անոնց վտանգաւոր ըլլալը նսեմացնելուն («Ազատ օր», 2/10/2025, էջ 2):
***Կէտերը փոխարինել հետեւեալներէն մէկով՝ առողջական, առողջարար, առողջապահական :
---Թարմ բանջարեղէնը ............. յատկութիւններ ունի:
***Փորձէ հայեցի շարադասել հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ փոփոխելու.
---Թրամփի ծրագիրի որեւէ բարեփոխում զայն մերժել կը նշանակէ:
***Երկու բառով ըսէ ընդգծուած հատուածը:
---Տեղացած է երկու ամսուան համարժէք անձրեւ՝ խուճապահար վիճակի մատնելով բնակչութիւնը («Արարատ», 2/10/2025, էջ 1):
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com