image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (47)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (47)

«Ազդակ» հայերէն կը գրէ

  •      20/6/2025

***Ամերիկեան կողմը պէտք է ջանք թափէ Իսրայէլին ստիպելու...(էջ 2):

---Ստիպել բայը մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին միշտ ներգործական եղած է. վկայ՝ «Նայիրի»-ի 150 բառարանները: Ուրեմն ան հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ, այսինքն՝ ստիպելու Իսրայէլը եւ ոչ թէ ստիպելու Իսրայէլին...:

***մոթորսիքլեթ (էջ 2)

---մոթոր =  շարժ,     սիքլ(եթ) = շրջանակ, անիւ

Ուրեմն՝ շարժանիւ

***Աշխարհը սրընթաց արագութեամբ կը փոխուի (էջ 4):

---Անիմաստ կրկնաբանութիւն մըն է այս: 

Սրընթաց արդէն կը նշանակէ շատ արագ ընթացող:  

Ուրեմն՝ 

«Աշխարհը շատ արագ ընթացող արագութեամբ կը փոխուի»:

Հայերէ՞ն է այս, տրամաբանութի՞ւն է այս, լեզո՞ւ է այս լղրճուկը:

Չի՞ բաւեր համով-հոտով ըսել՝

«Աշխարհը սրընթաց կը փոխուի»:

***բռնատէրներ... բռնատէրները... բռնատէրներու...(էջ 8):

---բռնատէրեր ...  բռնատէրերը  ... բռնատէրերու...

***քայլ մը, որ անկանխատեսելի վտանգներ կը պարունակէ (էջ 8):

---կը  պարունակէ կ’ըսենք՝ շիշին, տոպրակին, կաթսային, տակառին...

  •      21/6/2025

***Հրթիրը ուղղակի կերպով  հարուածած է (էջ 1):

***Խամենէի ուղղակի կերպով պատասխանատու է (20/6/2025, էջ 8):

---կերպով պոչին պէտք չունի հայերէնը. 

«...ուղղակի հարուածած է»  եւ «...ուղղակի պատասխանատու է»:

***Տանըլտ Թրամփ յայտնեց... հիմնուելով բանակցութիւններու կարելիութեան վրայ» (էջ 2):

---«հիմնուելով  բանակցութիւններու հաւանականութեան վրայ»:

***Հայ լեզուն իր խօսակցական կամ գրական երեւոյթներով նահանջի մէջ է (էջ 4):

---«Հայերէնը իր խօսակցական  եւ  գրական տարբերակներով  նահանջի մէջ է»:

***Փութին չ’ուզեր քննարկել այաթոլլա Խամենէի սպանութեան կարելիութիւնը (էջ 8):

---Փութինին չուզածը սպանութեան կարելիութիւնը չէ, այլ... հաւանականութիւնը ՝   «սպանութեան հաւանականութիւնը»:

***Էրտողանի գրաենեակը յայտնեց, որ ան յայտնած է...(էջ 8)

---«Էրտողանի գրասենեակը հաղորդեց, որ ան յայտնած  է...»:

---«Էրտողանի գրասենեակը տեղեկացուց , որ ան յայտնած  է...»:

***Իսրայէլ ուղղակի կերպով չի թիրախաւորերեր (էջ 8):

---Կտրենք աւելորդ պոչը.

«Իսրայէլ ուղղակի չի թիրախաւորեր»:

  •      23/6/2025

***Դիւանագիտութիւնը կրնա՞յ  լուծում գտնել Իրանի հիւլէական  հարցին համար (էջ 1):

---համար-ը աւելորդ է.  «լուծում գտնել Իրանի հիւլէական հարցին »:

***Այս մագլցումը կրնայ երկար ժամանակ տեւել:

---ժամանակ-ը աւելորդ է. «այս մագլցումը կրնայ երկար տեւել»:

***Ամբոխը թշնամական տրամադրուած էր:

---թշնամական-ը ածական է, այստեղ մակբայ պէտք է, այսինքն՝  «թշնամաբար տրամադրուած է»:

***Որեւէ տեսակի զէնքի գոյութիւն չնկատուեցաւ (էջ 2):

---տեսակի աւելորդ է. «որեւէ զէնք   չնկատուեցաւ»:

***Ռատար կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդեն ռուսական լրատուամիջոցները (էջ 8):

---կրկնաբանութիւն՝ կը հաղորդէ...կը հաղորդեն...

«Ռատար կը յայտնէ,   որ այս մասին կը հաղորդեն   ռուսական...»:

***Լերմոնտով զոհուած է... անհաւանական յետագիծով (էջ 8):

---յետագիծ  բառ չունինք. պէտք է ըլլայ հետագիծ-ով:

Հետագիծ կը նշանակէ շարժող, յառաջացող որեւէ առարկայի իր ետին, իր անցած տեղը ձգած նշանը կամ նշանները. օրինակ՝ աւազին վրայէն քալողը իր ետին հետագիծ կը ձգէ, երկինք սուրացող հրթիռը իր ետին ծուխի հետագիծ կը ձգէ, գող-աւազակները կողոպուտէ մը ետք երբեմն իրենց ետին հետագիծեր, զանազան նշաններ կը ձգեն: 

***Ազրպէյճանի դատարանը բանտարկութեան դատապարտած է Եւրասիա-կան շարժումի Ռուսիոյ հաշուոյն լրտեսութիւն կատարելու` յանցանքով մեղա-դրուած ղեկավարները (էջ 8):

---Բութը աւելորդ ու սխալ է:

***Պատերազմներ   չենք ուզեր...(էջ 8):

---Բանական, այսինքն՝ գլուխին մէջ ուղեղ ունեցող  էակը,  կը գրէ. 

«Պատերազմ  չենք ուզեր»:

Մէ՛կ պատերազմ մերժողը,  բոլո՛ր  պատերազմները  մերժած կ’ըլլայ: 

  •      21/10/2025

***Ի վերջոյ Ղուկասեանին գլխաւոր մուտքէն հանեցին (էջ 1):

Հանել՝ ներգործական է. հայցական հոլով խնդոր կը պահանջէ:

---Ի վերջոյ Ղուկասեանը գլխաւոր մուտքէն հանեցին:

***Խնդիրին նկատմամբ պէտք եղած  վարուելակերպը  պիտի  ցուցաբերուի «ԷՋ 1):

---Խնդիրին նկատմամբ պէտք եղած վերաբերումը պիտի ցուցաբերուի:







Մրցոյթ 46.

***Կէտադրական ի՞նչ նշան կը դնես  փակագիծի հարցման նշանին տեղ:

---Հայրը, մայրը, երիտասարդը, քոյրը՝ (բութ) բոլորը դարձան  կամաւոր: 

***Հետեւեալ հինգ յոգնակիներէն ո՞ր մէկը կարելի է եզակի դարձնել.

---Քնննարկուեցան ֆինանսական բարեփոխումները եւ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցողներուն  իրաւունքները («Ազդակ», 3/10/2025, էջ):

***Կէտերուն տեղ ի՞նչ կը դնես՝ Է  թէ՞  են :

---Նշեալ խորագրին տակ յօրինուած յերիւրանքները` թուրքերու կողմէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձ մըն են («Հայրենիք», 6/10/2025):

***Սրբագրել քերականական սխալը.

---Նախագահը թելադրած է լիբանանցիներուն խնայել ամէնամեայ առաջին անձրեւին  ողողումները («Արարատ», 7/10/2025, էջ 1):

***Դուն ինչպէ՞ս կը հայացնես հետեւեալը.  

---Իսրայէլեան անօդաչու սարք մը երէկ կէսօրին Նապաթիէի նահանգի ճամբուն վրայ  հարուածեց ինքնաշարժ մը  («Ազդակ», 7/10/2025, էջ 2):

 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (4), Գեղամ Խաչատրեան (8), Համբարձում Յարթունեան (3), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5)

 

Մրցոյթ 47.

***Անփոյթ լրագրող մը Էրտողանի բերնին մէջ դրած է հետեւեալ լուրը. 

---Մենք պարոն Թրամփի հետ այնուհետեւ Գազայում իրավիճակը քննարկել ենք մասնաւոր կարգով:

Դուն ինչպէ՞ս պիտի գրէիր զայն՝ առանց որեւէ բառ փոխելու:

***Ինչպէ՞ս կրնաս դարմանել հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.

---Բրիտանական առաջարկը կը կեդրոնանայ մէկ կէտի վրայ՝ Հըզպալլա կոչուած տագնապի լուծման վրայ («Ազդակ», 9/10/2025, էջ 8):

***Երեք բառով ըսէ հետեւեալին ընդգծուած մասը.

---Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը ստացողներէն ոմանք իմ իրագործածէս շատ քիչ բան իրագործեցին («Ազդակ», 11/10/2025, էջ 1): 

***Դուն ինչպէ՞ս կ’ըսէիր հետեւեալը.

---Հետապնդումներուն իբրեւ արդիւնք՝ դրամատան դէմ 25 միլիոն տոլարի տուգանք սահմանուած էր՝ վնասուց հատուցումներ ապահովելու համար հայերուն («Ազսպարէզ», 18/10/2025):

***Ինչպէ՞ս կը սրբագրես հետեւեալ սխալ կառոյցը.

---Նախաձեռնուած քրէական վարոյթի  ծիրէն ներս  ութ անձերու, ներառյալ՝ քաղաքապետի  նկատմամբ, յարուցուած են  քրէական հետապնդումներ («Առաջին լրատուական»):