image

«Հայեր արթնցէ՛ք» Տօքթ. Րաֆֆի Պէտիկեանէն կոչը

«Հայեր արթնցէ՛ք» Տօքթ. Րաֆֆի Պէտիկեանէն կոչը
 
Գերմանահայ համայնքի աշխոյժ անդամներէն , տեղւոյն Թեմական Խորհուրդի փոխատենապետ Տօքթ. Րաֆֆի Պետիկեան կը գրէ՝
 
 
 
 
Լաչինի տագնապին վերաբերեալ կոչով մը հանդէս եկած է Գերմանահայ հանրայայտ եւ նուիրեալ գործիչ՝ Տօքթ. Րաֆֆի Պէտիկեանը։
Կոչը ստորեւ, խնդրելով իմ բոլոր ընկերներէն որ այն տարածեն։
Արցախահայութիւնը սովամահութեան եւ բնաջնջման սեմին։
Արդէն երկոու շաբաթ է, Ազրպեյճանցիներ եւ Թուրք ծայրահեղականներ- գորշ գայլերու նշաններով- փակած են Արցախը Հայաստանին միացնող միակ ճանապարհը։ Ռուս «խաղաղապահները» ի վիճակ չեն ճամբան բանալու։
120 հազար Արցախահայեր , որոնց մէջ 30 հազար մանուկներ, զրկուած են ջեռուցումէ, սնունդէ եւ դեղօրայքէ։ նպատակը՝ սովամահ ընել, բնաջնջել , ծունկի բեռել Արցախահայութիւնը եւ հասցնել Արցախի բնաջնջման , Հայաթափման։
Կացութիւնը ճգնաժամային է։
Իմ ձայնս կը միացնեմ եւ կոչ կուղղեմ աշխարհի բոլոր անկիւնները գտնուղ Հայութեան միասնաբար պաշարել եւ փակել աշխարհի մէջ ամէն տեղ գտնուող Ազրպեյճանական դեսպանութիւնները։
Հայեր արթնցէք, Արցախը պիտի կորսնցնենք եւ կարգը պիտի գայ Հայաստանին։
Րաֆֆի Պետիկեան