image

Հայաստանը 19 միլիոն դրամի մարդասիրական օգնութիւն պիտի ուղարկէ Կազա

Հայաստանը 19 միլիոն դրամի մարդասիրական օգնութիւն պիտի ուղարկէ Կազա

Հայաստանը մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ վերջին ժամանակահատուածին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Կազայէն տեղահանուած եւ Ռաֆահի անցակէտին մօտ հաստատուած, ծանր ընկերային-տնտեսական վիճակի մէջ յայտնուած մարդոց։ Համապատասխան որոշման նախագիծը ներառուած է կառավարութեան մարտ 28-ի նիստի օրակարգին մէջ։

Հայաստանի մարդասիրական օգնութիւնը պիտի կազմէ մօտ 19 միլիոն դրամ։

Մարդասիրական օգնութեան շրջածիրէն ներս տեղահանուած անձանց ՀՀ կառավարութեան կողմէ պիտի տրամադրուին մթերք եւ դեղորայք՝ ապահովելով վերջիններուս ընկերային-տնտեսական առաջնային կարիքները։

Ըստ կառավարութեան՝ ընկերային ծանր դրութեան մէջ յայտնուած են 1,5 միլիոն մարդ։ Մարդասիրական օգնութիւնը, ընդհանուր առմամբ պիտի կազմէ 29․94 թոն։

Օրակարգի քննարկման ժամանակ արձագանգելով՝ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է. «Ինչպէս տեղեակ էք այս հումանիտար բեռի առաքման վերաբերեալ  ես յայտարարեցի Եգիպտոսի արաբական հանրապետութիւն կատարած  պաշտօնական այցի ընթացքում։ Այնտեղ հարցեր կային լոգիստիկայի հետ կապուած։ Այս աջակցութիւնը Գազայի բնակիչներին հասցնելու համար  ունենք Եգիպտոսի կառավարութեան աջակցութեան կարիքը, որովհետեւ մենք բեռը ուղիղ չենք կարող տեղ հասցնել»։

Ներքին գործոց նախարարի տեղակալը նշած է, որ Եգիպտոսի կառավարութեան հետ ձեռք բերուած են անհրաժեշտ բոլոր պայմանաւորուածութիւնները։