Մարտ 18-ին կէսօրէ ետք, 23-ին առանձին շրջաններու մէջ, 19-22-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուին տեղումներ, լեռնային շրջաններու մէջ յատկապէս գիշերը ձիւնի տեսքով, մարտի 19-22-ին՝ առանձին շրջաններու մէջ տեղումները պիտի ըլլան առատ։
Քամին՝ հարաւարեւմտեան, 2-5մ/վ: Մարտ 19-ի ցերեկը, 20-21-ին առանձին հատուածներու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-19 մ/վ, 18-ին՝ 20-25մ/վ արագութեամբ։
Օդի ջերմաստիճանը մարտ 19-23-ին յատկապէս ցերեկային ժամերուն աստիճանաբար պիտի նուազի 10-12, Լոռիի, Տաւուշի, Սիւնիքի մէջ՝ 11-13 աստիճանով։