Հայաստանի ողջ տարածքին մէջ յունիս 14-ին կը սպասուին տեղումներ:
Այս մասին դիմատետրի իր էջին հրապարակած տեսանիւթին մէջ յայտարարած է «Հիտրոօդերեւութաբանութեան եւ վերահսկողութեան կեդրոն»-ի տնօրէնի տեղակալ Գագիկ Սուրէնեանը:
«Սեւ ծովի շրջաններից ակտիւ ցիկլոնի ներթափանցման հետեւանքով ողջ օրուայ ընթացում հանրապետութեան ողջ տարածքում ժամանակ առ ժամանակ սպասւում են ամպրոպային բնոյթի կարճատեւ անձրեւներ, առանձին տեղերում կարկուտ, քամու ուժգնացում»,-նշած է ան՝ աւելցնելով, որ յունիս 13-ին Հայաստանը կը գտնուի հարաւ-արեւմտեան տաք օդային հոսանքներու ազդեցութեան գօտիին մէջ, եւ երկրի ողջ տարածքին մէջ պիտի դիտուի ջերմ եւ առանց տեղումներու եղանակ։