Կ՚ուզեմ եւս մէկ անգամ յստակ ընդգծել, որ Հայաստանով անցնող հաղորդակցութեան ուղիները պիտի գտնուին բացառապէս Հայաստանի իրաւազօրութեան ներքոյ, անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ ՀՀ-ն եւ ոչ թէ որեւէ երրորդ երկիր, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ համատեղ յայտարաութեան ժամին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Հայաստանը չափազանց կը կարեւորէ Իրանի հետ ռազմավարական բնոյթի յարաբերութիւնները, վստահ եմ, որ մեր կառավարութիւններու շարունակական աշխուժ ջանքերու շնորհիւ երկուստեք կեանքի պիտի կոչենք նոր համատեղ ծրագրեր՝ ի շահ մեր բարեկամ ժողովուրդներու եւ պետութիւններու»,- նշած է ան: