image

Հայաստանով  անցնող ճանապարհները բացառապէս Հայաստանի  իրաւազօրութեան ներքոյ. Փաշինեան  

Հայաստանով  անցնող ճանապարհները բացառապէս Հայաստանի  իրաւազօրութեան ներքոյ. Փաշինեան  

Կ՚ուզեմ եւս մէկ անգամ յստակ ընդգծել, որ Հայաստանով անցնող հաղորդակցութեան ուղիները պիտի գտնուին բացառապէս Հայաստանի իրաւազօրութեան ներքոյ, անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ ՀՀ-ն եւ ոչ թէ որեւէ երրորդ երկիր,  Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ համատեղ յայտարաութեան ժամին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Հայաստանը չափազանց կը կարեւորէ Իրանի հետ ռազմավարական բնոյթի յարաբերութիւնները, վստահ եմ, որ մեր կառավարութիւններու շարունակական աշխուժ ջանքերու շնորհիւ երկուստեք կեանքի  պիտի կոչենք նոր համատեղ ծրագրեր՝ ի շահ մեր բարեկամ ժողովուրդներու եւ պետութիւններու»,- նշած է ան: