image

Հայաստանն ու Թուրքիան որոշում կայացուցած են դիւրացնել մուտքի արտօնագրերու տրամադրման գործընթացը դիւանագիտական, յատուկ եւ ծառայողական անձնագրեր կրողներու համար․ ԱԳՆ

Հայաստանն ու Թուրքիան որոշում կայացուցած են դիւրացնել մուտքի արտօնագրերու տրամադրման գործընթացը դիւանագիտական, յատուկ եւ ծառայողական անձնագրեր կրողներու համար․ ԱԳՆ

1 Յունուար 2026էն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դիւանագիտական, ծառայողական եւ յատուկ անցագիր ունեցող անձեր պիտի կարենան անվճար ելեկտրոնային վիզա (e-visa) ստանալ, յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Կը նշուի, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ծիրին մէջ, երկիրները որոշած են դիւրացնել վիզաներու տրամադրման գործընթացը դիւանագիտական, յատուկ եւ ծառայողական անցագիրներ ունեցողներուն համար:

«Այս առիթով Հայաստանն ու Թուրքիան եւս մէկ անգամ վերահաստատում են իրենց յանձնառութիւնը՝ շարունակելու երկու երկրների միջեւ կարգաւորման գործընթացը՝ նպատակ ունենալով առանց որեւէ նախապայմանների հասնել լիարժէք կարգաւորմանը», կ՛ըսուի Երեւանի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: