Ի պատասխան մամուլին մէջ տեղ գտած որոշ մտացածին լուրերուն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերահաստատած է իր սկզբունքային դիրքորոշումը, որ ՀՀ տարածքը չի կրնար օգտագործուիլ երրորդ պետութիւններու կողմէ հարեւան պետութիւններէն որեւէ մէկուն դէմ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու համար։
Այս մասին ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակին տարածած մեկնաբանութեան մէջ։