image

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի կողմէ տարածուած անհեթեթ լուրը

Հայաստանի Պաշտպանութեան  Նախարարութիւնը  հերքեց  Ատրպէյճանի կողմէ տարածուած անհեթեթ լուրը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ զինծառայողներու մարմիններ ատրպէյճանական կողմին չեն փոխանցուած:

«Ատրպէյճանը, փորձելով ինչ-որ բացատրութիւն գտնել ողջ աշխարհով տարածուած սարսափելի տեսանիւթին, որտեղ ատրպէյճանցի զինծառայողները գնդակահարում են զինաթափուած հայ զինծառայողներին, երկրի գլխաւոր դատախազութեան միջոցով այսօր անհեթեթութիւն է տարածել, ըստ որի՝ իբր «ատրպէյճանական կողմին է փոխանցուել 6 ատրպէյճանցի զինծառայողի մարմին, որոնց տանջամահ են արել այն հայ զինծառայողները, որոնք պատկերուած են յիշեալ տեսանիւթում»։

Գրեթէ ողջ քաղաքակիրթ աշխարհից հնչած դատապարտումներն ու հետաքննութիւն անցկացնելու կոչերն ընդունելու փոխարէն՝ պաշտօնական Պաքուն փորձում է արդարացումներ գտնել իր զինծառայողների կողմից իրականացուած հրէշաւոր վայրագութիւններին»,- ըսուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: