Ատրպէյճանի ՊՆ-ի հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ փետրուար 23-ին ՀՀ ԶՈւ-ն, իբրեւ, կրակ բացած է սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ չի համապատասխաներ իրականութեան։
Այս մասին յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեանը՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի ՊՆ-ի տարածած տեղեկութեան։
Նշենք, որ Ատրպէյճանի ՊՆ-ն յայտնած է, թէ, իբր, ՀՀ ԶՈւ-ն գնդակոծած է Քարվաճառի ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերը, սակայն իրենք պատասխան միջոցներ չեն ձեռնարկած իրավիճակը չսրելու համար: