Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտը (ԱՆԻՖ) եւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի առաջին եւ ամենամեծ պիւտճէթային փոխադրող` Էյր Արապիա ընկերութիւնը, այսօր յայտարարած են, որ համատեղ ձեռնարկութեան կողմէ գործարկուող նոր ազգային օդանաւային ընկերութիւնը պիտի անուանուի «Fly Arna» («Ֆլայ Արնա»):
Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտէն NEWS.am-ին յայտնած են, որ անունն ընտրուած է համատեղ ձեռնարկութեան տնօրեններու խորհուրդի կողմէ, 2021 թուականի Յուլիսին յայտարարուած «Անուանէք օդանաւային ընկերութիւնը» մրցոյթի մասնակիցներէն ստացուած աւելի քան 500 առաջարկներէն:
Բոլոր առաջարկներու համապարփակ քննարկումներէն ետք որպէս օդանաւային ընկերութեան անուն ընտրուեցաւ «Fly Arna»-ն։ «Արնա» բառը վերցուած է «Հայկական ազգային թռիչքուղիներ» (Armenian National Airlines) անունէն՝ համատեղելով «ARmenian» բառի առաջին երկու տառերը, «National» եւ «Airline» բառերու առաջին տառերը:
Մրցոյթը նպատակ ունէր հնարաւորութիւն տալու Հայաստանի քաղաքացիներուն մասնակցելու երկրի ազգային օդանաւային ընկերութեան անուանակոչման` արտացոլելով ԱՆԻՖ-ի եւ Էյր Արապիայի յանձնառութիւնը` նպաստելու շահագրգիռ կողմերու հնարաւորինս ընդգրկուն ներգրաւման:
Աւելի քան 800 մասնակից ԱՆԻՖ-ի ընկերային ցանցերուն եւ ելեկտրոնային հաղորդագրութեան միջոցով առաջարկած է 500 անուն նոր ընկերութեան համար:
Էյր Արապիայի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ատել Ալ Ալին այս առիթով ըսած է. «Նոր անունը, մեր համոզմամբ, կ'արտացոլէ Հայաստանի ժողովուրդի ձգտումները եւ կը հանդիսանայ ազգային մասնակցութեան արդիւնք՝ ընդգծելով մեր համատեղ ձեռնարկութեան՝ հանրային շահի առաջնահերթութեան յանձնառութիւնը»:
Fly Arna-ն Հայաստանի օդային երթեւեկութեան համար նոր դարաշրջանի սկիզբ կրնայ հանդիսանալ՝ զգալի արժէք ստեղծելով տնտեսութեան համար եւ խթանելով զբօսաշրջութեան, հիւրընկալութեան եւ յարակից ձեռնարկատիրական ոլորտները:
Առաջիկայ շաբաթներու ընթացքին ընկերութիւնը պիտի դիմէ օդանաւ շահագործողի վկայականի (AOC) ստացման համար: