image

Հայաստանի ներքին իրավիճակին վերբերեալ Թուրքիոյ մէջ մտահոգուածութիւն կայ

Հայաստանի ներքին  իրավիճակին  վերբերեալ Թուրքիոյ մէջ  մտահոգուածութիւն կայ

«ՈւԺԻ ԳՈՐԾՕՆ» հաղորդման այս թողարկման Հայկ Սահակեանը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Վիեննայի մէջ կայացած 3-րդ հանդիպման, անոր եւ Հայաստանի մէջ ընթացող բողոքի շարժումներուն վերաբերեալ թրքական մամուլի մէջ առկայ արձագանգներուն, ՀՀ ԱԽ քարտուղարի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հանդիպման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ այս շաբաթ հնչած յայտարարութիւններուն անդրադարձած է։

Թրքական իշխանամերձ այնպիսի լրատուամիջոցներ, ինչպիսիք են «Sabah»-ը, «Yeni Şafac»-ը, «Hyurriet»-ը, «Milliyet»-ը, ինչպէս նաեւ տարբեր հեռուստաընկերութիւններ աշխուժօրէն կը լուսաբանեն Երեւանի մէջ ընթացող բողոքի զանգուածային գործողութիւնները։ Պետական «Anadolu» գործակալութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ թրքերյնով վերլուծութիւն մը հրապարակած է, որուն հեղինակ, թուրք քաղաքագէտ Արմաղան Կէօզքամանը անդրադարձած է տարածաշրջանային իրավիճակին, այն նախադրեալներուն, որոնց ազդեցութեամբ մեկնարկած են բանակցութիւնները։

Ուշագրաւ է հեղինակին այն միտքը, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը որպէս բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց ապահովելու պայման չէ ներկայացուցած Թուրքիոյ, եւ այդ պատճառով է, որ թրքական կողմը համաձայնած է բանակցութիւններ սկսիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Բայց այժմ, ըստ յօդուածագրի, բանակցութիւններու հետագայ ընթացքը կրնայ վտանգուիլ, եթէ Հայաստանի մէջ բողոքի ալիքի ազդեցութեամբ իշխանափոխութիւն ըլլայ։