Հայաստան հաստատուած հալէպահայ գործարար Ներսէս Քիւո նախագահն է «Սիրիահայերի միություն» հասարակական կազմակերպութեան: Ան յառաջիկայ Յուլիսին պիտի նախագահէ պատուիրակութեան մը, որ մասնակցութիւն պիտի բերէ Փարիզի մէջ կայանալիք «ՍԻՊԱ»-ի ( SIBA: Syrian international business forum) հաւաքին: «Արեւելք» այս մասին հարցազրոյց մը ունեցաւ Ներսէս Քիւոյին հետ, որ ներկայացուց վերջերս հիմնուած կազմակերպութեան ընդհանուր նպատակները, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստան հաստատուած սուրիահայ գործարարներու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
-Ի՞նչ է վերջերս հիմնուած «ՍԻՊԱ» կազմակերպութեան նպատակը:
«ՍԻՊԱ»-ի (Սուրիացի գործարարներու միջազգային կազմկերպութիւն) նպատակն է կապ ստեղծել Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով տարբեր երկիրներ հաստատուած սուրիացի գործարարներուն միջեւ: Նպատակը բնականաբար կապ հաստատելէն բացի տնտեսական նոր ծրագրեր մշակելն ու գործարար շրջանակներուն միջեւ համագործակցութեան հեռանկարներ փնտռելն է:
-Ինչպէս իմացանք, կազմակերպութեան յառաջիկայ ժողովը պիտի կայացուի Փարիզի մէջ, կրնա՞ք այդ մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցե՞լ:
-Ժողովը պիտի կայացուի յառաջիկայ 12 եւ 13 Յուլիսին: Ի շարս մեծ թիւով գործարարներու, այդ ժողովին ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի եւ Արցախի՝ տասը սուրիահայ գործարարներ: Իւրաքանչիւրս պիտի ներկայացնենք մեր կատարած աշխատանքը Հայաստանի մէջ: Ցաւօք առաջին ժողովին (որ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ) մենք թղթատարական հարցերու հետեւանքով չկարողացանք ներկայ գտնուիլ եւ մեծ յոյսեր ունինք, որ այս ժողովէն կը վերադառնանք մեր ձեռքերուն ունենալով դրական շարք մը ծրագրեր:
-Արդեօք կարելի է ըսե՞լ, որ Փարիզի ժողովին մասնակիցները իրենց ոլորտներուն մէջ յաջողութեան հասած գործարարներ են:
-Այո՛: Այդ գործարարները դրական օրինակներ են, որովհետեւ անոնք արդէն կայացած եւ Հայաստանի մէջ անուն ունեցող գործարարներ են, եւ լաւ ձեւով կրնան ներկայանալ եւ ներկայացնել իրենց կատարած աշխատանքը եւ Հայաստանը:
-Հայաստանի իշխանութիւնը դրական տրամադրուա՞ծ է ձեր գործունէութեան շուրջ: Կ’օժանդակե՞ն ձեզի: Դժուարութիւններ կա՞ն:
-Մեր իշխանութիւններուն արձագանքը դրական է: Ճիշդ է՝ կան տարբեր տեսակի խնդիրներ, սակայն բացայայտ է, որ տարբեր մակարդակներու վրայ կը ստանանք պէտք եղած դրական արձագանքը: Ճիշդ է, որ մեզի համար Հայաստանի տնտեսական միջավայրը բաւական նոր եւ տարբեր միջավայր մըն է, սակայն ցոյց տրուած վերաբերմունքը եւ պատրաստակամութիւնը մեզի կը ստիպեն ըլլալ աւելի աշխոյժ եւ ապագային նայիլ դրական հայեացքներով:
Հարցազրոյցը ՝ Ս. Ա.ի