image

Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը խորանան աննախադէպ արագութեամբ․ ԵՄ արտաքին կապերու ծառայութիւն

Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը խորանան աննախադէպ արագութեամբ․ ԵՄ արտաքին կապերու ծառայութիւն

Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը շարունակեն խորանալ աննախադէպ արագութեամբ։ Այս մասին ըսուած է Եւրոմիութեան արտաքին կապերու ծառայութեան X-ի էջին։

Ծառայութենէն յայտնած են, որ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ արտաքին գործերու ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալասը հանդիպած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Քալասն ու Միրզոյեանը քննարկած են ԵՄ աջակցութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։