image

Հայաստանի հազուագիւտ գիշատիչ՝ մանուլը դարձեալ յայտնաբերուած է

Հայաստանի հազուագիւտ գիշատիչ՝ մանուլը դարձեալ յայտնաբերուած  է

Հայաստանի հազվագիւտ գիշատիչներէն մէկը՝ մանուլը, 100 տարի անց դարձեալ յայտնաբերուած է հանրապետութեան մէջ։ «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ, այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը:

Մանուլը (լատ.՝ Otocolobus manul) կատուազգիներու ընտանիքին պատկանող գիշատիչ կաթնասուն է, որ գրանցուած է ՀՀ Կարմիր գիրքին մէջ։ Այլ կերպ կ'անուանեն պալլասեան կատու, գերմանացի բնասէր Փեթեր Պալլասի պատուոյն, որ XVIII դարուն Կասպից ծովի ափին յայտնաբերած էր մանուլը: