image

Հայաստանի Անկախութեան տօնին Պելճիքայի Ռոսելար քաղաքին մէջ հայկական Խաչքար բացուեցաւ

Հայաստանի Անկախութեան տօնին Պելճիքայի Ռոսելար քաղաքին մէջ հայկական Խաչքար բացուեցաւ

Պելճիքայի Ռոսելար քաղաքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձի օրը տեղաբնակ Խաչատուրեան ընտանիքին նախաձեռնութեամբ, տեղի հայ համայնքին եւ քաղաքային իշխանութիւններուն աջակցութեամբ տեղի ունեցած է հայ եւ պելճիքացի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ երկու երկիրներու բարեկամութեան ու համագործակցութեան նուիրուած խաչքարի բացման ներկայ եղած են քաղաքային իշխանութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի փոխդեսպան Վարդան Սարգսեանը, համայնքային ներկայացուցիչներ։

Փոխդեսպան Վարդան Սարգսեան նշած է, որ խաչքարը հայ ժողովուրդին համար դարերով ունեցած է համախմբող դեր եւ հանդիսացած է ինքնութեան անբաժանելի մաս։

«Հայ ժողովրդի հազարամեակների պատմութեան ընթացքում Հայաստանում եւ ամբողջ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան գիտակցութեան մէջ խաչքարը հանդիսացել է սեփական կրօնի, մշակոյթի, արժէքների եւ տոկունութեան իւրայատուկ մարմնաւորումը։ Յատկանշական է, որ հենց այս օրերին մէկ տարի առաջ Արցախի վրայ յարձակումից, շուրջ 120 հազար արցախահայութեանն էթնիկ զտման ենթարկելուց եւ հայրենազրկելուց յետոյ, հիմա էլ ականատես ենք լինում Արցախի հոգեւոր եւ մշակությաին ժառանգութեան վերացման, այդ թւում՝ հայկական խաչքարերի ոչնչացման ազրպէյճանական քաղաքականութեանը, որի նպատակը հայկական հետքն ու հազարամեայ ներկայութիւնը ջնջելն ու հայի ստեղծագործ ոգին կոտրելն է»,– ըսած է Վարդան Սարգսեան, աւելցնելով, որ բարեկամ Պելճիքայի մէջ, Ռոսելարի հիւրընկալ հողին վրայ, գեղատեսիլ այս պուրակին մէջ հայկական խաչքարի տեղադրումը երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի արարչական ոգիի կարեւոր դրսեւորում է, որ կը վկայէ նաեւ փոխադարձ համակրանքի եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած երկու ժողովուրդներու կապերու առաւել ամրապնդման եւ խորացման պատրաստակամութիւնը։

Ռոսելարի քաղաքապետի պատմամշակութային հարցերով տեղակալ Միեքէ Վանպրուսելն իր խօսքին մէջ նշած է, որ դեռ իրմէ առաջ պաշտօնի եղած գործընկերներու համար այս նախագիծը նուիրական էր, ու երջանիկ է այսօր ատոր իրականացման ներկայ գտնուիլ։ Վանպրուսելն իր հերթին համայնքին շնորհակալութիւն յայտնած է՝ հայկական խորհրդանիշով իրենց քաղաքը աւելի հարստացնելու համար ու հաստատած՝ բարեկամութիւնն ալ աւելի սերտացաւ։

Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Հայրապետական Պատուիրակի փոխանորդ եւ Պելճիքայի մէջ Հայոց հոգեւոր հովիւ Զատիկ վարդապետ Աւետիքեանը օրհնած է խաչքարի բացումը եւ նշած, որ սա հայերու երախտագիտութեան արտայայտութիւն է Ռոսելարի քաղաքային իշխանութիւններուն, որոնք բազմաթիւ հայ ընտանիքներ հիւրընկալած են։ Ընտանիքներ, որոնք այսօր իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը կը ցուցաբերեն քաղաքացիական կեանքի ամենատարբեր ոլորտներու մէջ։

«Խաչքարը մեր քրիստոնէական ինքնութեան եւ հայոց պատմութեան խորհրդանիշն է։ Խորհրդանիշն է ինչպէս անցեալի՝ այնպէս ալ ապագայի։ Խաչքարին փորագրուած պապիկն ու տատիկը մեր արցախցահայ քոյրերու եւ եղբայրներու հայրենական հողերը կը յիշեցնեն։ Սա յիշեցում է, որ ամբողջ ժողովուրդ մը մէկ տարի առաջ զրկուեցաւ իր պապենական հողին մէջ ապրելու ու ստեղծագործելու իրաւունքէն։ Ցաւալի է, որ այդ ամէնը կատարուած է աշխարհի քաղաքակիրթ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու մեղսակից լռութեան ու անտարբերութեան առջեւ», - մեկնաբանելով խաչքարը՝ Հայր Սուրբն իր խօսքն աւարտած է ուշադրութիւն հրաւիրելով  խաչքարի վերը պատկերուած արծուի վրայ՝ հայու ոգիի ու կամքի դրսեւորում, որ կը հսկէ ու կը պահպանէ, որ հայկական արժէքները պահպանուին ու զարգանան։

Խաչքարի տեղադրմամբ՝ այն ալ հայերու յաճախ այցելած մատուռի հարեւանութեամբ, իննսունականներու վերջը Ռոսելար քաղաքին մէջ հաստատուած Խաչատուրեան ընտանիքի որդիի՝ Միքայէլ Խաչատուրեանի վաղեմի նուիրական երազանքն իրականութիւն դարձաւ։ Հիմա արդէն քաղաքին մէջ հայկական մնայուն շունչ ու խորհրդանիշ կայ։ Խաչքարի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնն աւարտած է հայկական «Նարեկ» պարային ուսումնարանի ելոյթով։

 

Լիլիթ Գասպարեան