image

Սան Ֆրանսիսքօ. Եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով

Սան Ֆրանսիսքօ. Եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Կիրակի, 22 Մարտ 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի «Մուտն ի վիրապն» տօնին առիթով, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ իր հոգեպարար քարոզով վկայակոչեց հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վիրապ մուտքն ու այդ վայրին մէջ 13 տարի ապրած ոդիսականը: 

Ներկաներուն բացատրելով Քրիստոսնեայ Հայաստանի Առաջին Կաթողիկոս ու ազգի Լուսաւորիչին կեանքի դրուագները, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ իր հաւատքին մէջ անսասանութեան շնորհիւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նախախնամութեան ողորմածութեան արժանացաւ եւ խորունկ փոսին մէջ գոյատեւեց օրական կտոր մը հացով, մինչեւ որ դուրս բերուեցաւ գուբէն եւ Յիսուս Քրիստոսի զօրութեան ապաւինած՝ Հայաստանի Տրդատ թագաւորը բուժեց իր հիւանդութենէն, միաժամանակ միջոց հանդիսանալով Աստուծոյ ձեռքին, որպէսզի Հայաստանը դառնար առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը:

«Մենք այսօր ուրախութեամբ կը տօնենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վիրապ մուտքը, որովհետեւ այդ պատմական անկիւնադարձային պահ մը եղաւ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին համար, եւ մենք այսօր աշխարհին կը ներկայանանք իբրեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի հաստատուն հաւատքի ժառանգորդները», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը: 

Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը, որոնք Գեղամ Արքեպիսկոսի գլխաւորութեամբ, յետ եկեղեցական արարողութեան ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակ եւ աղօթքով ու շարականներու երգեցողութեամբ մասնակից դարձան Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան՝ իրենց սիրելիներէն առյաւէտ բաժնուած հիմնադիր բարերարներու եւ կամաւոր ծառայողներու հոգիներու խաղաղութեան համար, ապա տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ օծման 60-ամեակին առիթով: 

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց այս առիթով կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին, որուն ընթացքին գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն նուիրուածութիւնը իրենց համայնքի Հոգեւոր տան ծրագիրներու յաջողութեան գործին եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն ու բոլոր Գրիգոր անունները կրողները, ծխական համայնքի զաւակներուն փոխանցելով իր առաջնորդական ցուցմունքներն ու հայրական բարեմաղթութիւնները: