Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, օրերս, իր գրասենեակէն ներս ընդունած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինի անդամներ։
Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը
Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինի անդամներ` Օրդ. Շուշիկ Շուշանեանն ու Տիար Յակոբ Սահակեանը։
Հանդիպումի ընթացքին անոնք ներկայացուցին Ընկերակցութեան ներկայ գործունէութիւններն ու յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ հրաւիրեցին Համայնքապետ Վերապատուելին «Ադամեան» թատերախումբին կազմակերպած Կիրակի, 7 Մարտ 2026-ին տեղի ունենալիք «Երջանիկ Մարդու Անցեալը» թատերական ներկայացումին։
Համայնքապետ Վերապատուելին գնահատեց անոնց աշխատանքը՝ յաջողութիւն ու բեղուն գործունէութիւն մաղթեց։

