image

Սեւ ամպեր Պէյրութի վրայ․ խաղաղութիւն, թէ նոր բաց ճակատ Լիբանանի մէջ

Սեւ ամպեր Պէյրութի վրայ․ խաղաղութիւն, թէ նոր բաց ճակատ Լիբանանի մէջ

Լիբանանը՝ ռազմավարական հաշիւներու զոհասեղանին

Լիբանանը այսօր կը գտնուի իր նորագոյն պատմութեան ամենէն լարուած եւ ճգնաժամային փուլերէն մէկուն մէջ՝ կանգնած միաժամանակ ռազմական բախումներու, դիւանագիտական խճճուածութիւններու եւ ներքին պետական թուլութեան ծանր հետեւանքներուն առջեւ։ «Հըզպալլա»-ի կողմէ առնուած քայլերը, որոնք ներկայացուեցան որպէս տարածաշրջանային պայքարի մաս եւ «դիմադրութեան» շարունակութիւն, գործնականին մէջ բացին նոր ու վտանգաւոր ճակատ մը՝ առանց հաշուի առնելու Լիբանանի նուրբ ներքին հաւասարակշռութիւնները եւ արդէն իսկ խոցելի վիճակը։

Այս ընթացքին, մինչ տարածաշրջանային եւ միջազգային ուժերը կը վարեն բարդ բանակցութիւններ՝ ապահովելու իրենց ռազմավարական շահերը, Լիբանանը աստիճանաբար կը մղուի երկրորդական, նոյնիսկ անտեսուած դաշտ մը, ուր ան կրնայ «գործածուիլ», որպէս ճնշման եւ հակամարտութեան գործիք։ Արդիւնքը այն է, որ երկիրը կորսնցուցած է ոչ միայն իր արտաքին դիրքորոշման վերահսկողութիւնը, այլ նաեւ ներքին որոշումներու ինքնուրոյնութիւնը, իսկ քաղաքացին կը մնայ այս ամբողջ խաղին ամենէն խոցելի եւ անպաշտպան կողմը։

 

8 Ապրիլ 2026. Պէյրութի «Սեւ Չորեքշաբթի»ն 

Լիբանանը դարձեալ պատերազմի ծանր հետեւանքներուն տակ է, այն բանէն ետք, երբ «Հըզպալլա» երկրորդ անգամ բացաւ բախման դուռը՝ նախ «Համաս»-ին աջակցելով (2023 Թուին), ապա Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի սպանութեան վրէժը լուծելու պատրուակով։ Սակայն այս քայլերը, փոխանակ շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու, յանգեցուցին վատագոյն հետեւանքներու՝ Իրանը ապահովեց ժամանակաւոր հանդարտութիւն իր համար, իսկ Լիբանանը մնաց բաց ճակատի վերածուած եւ աւերակներու մէջ։

Քաղաքական վերլուծաբաններու գնահատմամբ, «Հըզպալլա»ն շարունակեց տրամադրել այն «պատճառաբանութիւններ»ը, որոնք Իսրայէլին անհրաժեշտ էին իր ռազմական գործողութիւնները ընդլայնելու։ Արդիւնքը եղաւ Պէյրութի «սեւ օր»ը՝ երբ զինադադարի շուրջ անորոշութիւնը խառնուեցաւ հարիւրէն աւելի օդային հարուածներու ալիքին, որոնք կարճ ժամանակի ընթացքին խոցեցին մայրաքաղաքն ու երկրի բազմաթիւ շրջանները։

Իսրայէլ այս լայնածաւալ գործողութիւնը անուանեց «Յաւիտենական Խաւար», իսկ ամենէն ծանր հարուածը բաժին հասաւ Պէյրութին, որու կենտրոնական թաղամասերը՝ Պասթա, Պարպուր, Նուէյրի եւ Սալիմ Սալամ, ենթարկուեցան աննախադէպ ռմբակոծութեան։ Խիտ բնակեցուած այս շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ, մինչ քաղաքը վերածուեցաւ խուճապի եւ քաոսային կեդրոնի։

Ըստ նախնական տուեալներու՝ զոհերու թիւը անցած է 300-ը, իսկ վիրաւորներունը հասած է շուրջ 800-ի։ Հիւանդանոցները գերծանրաբեռնուած են, իսկ «Կարմիր Խաչ»ի եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը փորձեցին դիմագրաւել իրավիճակը՝ շարունակական շտապ օգնութեան գործողութիւններով։

Հարուածները չսահմանափակուեցան մայրաքաղաքով։ Լեռնալիբանանի շրջաններուն մէջ, ներառեալ Պշամուն, Շուէյֆաթ, Սուք էլ-Ղարբ, Քէյֆուն եւ Արամուն, արձանագրուեցան ծանր ռմբակոծումներ։ Նոյն ժամանակ, Պեքայի դաշտին մէջ թիրախ դարձան Քարաքի շրջակայքը, Շմսթարը, Հըրմէլը, Պաալպէքի շրջանը եւ Պուտայ գիւղակը։

Դաշտային աղբիւրներ կը նշեն, որ այս համաժամանակեայ հարուածները իրականացուած են չափազանց կարճ ժամանակամիջոցով՝ խիտ օդային գործողութիւններու միջոցով, ինչ որ խաթարեց հաղորդակցութիւնը եւ յառաջացուց ներքին տեղաշարժերու ալիք։ Վերլուծաբաններ կը նկատեն, որ այս ռազմավարութիւնը նպատակ ունի ոչ միայն ռազմական, այլ նաեւ հոգեբանական ճնշում բանեցնել մայրաքաղաքին վրայ եւ պարտադրել նոր իրականութիւններ։

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ իրականացուցած է գործողութեան սկիզբէն ի վեր ամէնէն ուժգին յարձակումը՝ նշելով, որ ընդամէնը վայրկեաններու ընթացքին թիրախաւորուած են աւելի քան 100 կէտեր։ Ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու՝ գործողութիւնը ուղղուած էր «Հըզպալլա»-ի ռազմական ենթակառուցուածքներուն դէմ եւ նախապէս մանրամասն ծրագրաւորուած էր՝ հետախուզութեան եւ ռազմական կառոյցներու համադրութեամբ։

Միեւնոյն ժամանակ, դիւանագիտական դաշտին մէջ յստակ դարձաւ, որ Լիբանանը դուրս մնացած է Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ կնքուած զինադադարէն։ Ամերիկեան կողմը յստակ հաղորդեց Պաապտայի նախագահական պալատին, որ Լիբանանը ներառուած չէ համաձայնութեան մէջ, եւ անոր հարցը կը դիտարկուի առանձին։

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանին կապ հաստատեցին Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ՝ իրենց աջակցութիւնը յայտնելով եւ փորձելով միջազգային ճնշում բանեցնել՝ Լիբանանը զինադադարի մէջ ներառելու համար։

Ներքին քաղաքական դաշտին մէջ սակայն պատկերը այլ է։ Լիբանանի Պետութիւնը կը մնայ սահմանափակ կարողութիւններով եւ անկարող՝ վերահսկելու զինուորական որոշումները։ Բացայայտուած են նաեւ հակասութիւններ պետական կառոյցներուն միջեւ, մասնաւորաբար Պաապտայի եւ Այն Թինէի (Երկրի Խորհրդարանի նախագահին նստավայրը-Խմբ. Ս. Արեան) դիրքորոշումներուն մէջ, ինչ որ կը խորացնէ անորոշութիւնը։

Այս իրադրութեան մէջ, Լիբանանը փաստացի կը գտնուի «կախեալ ճակատ»ի վիճակի մը մէջ՝ ենթակայ արտաքին ուժերու որոշումներուն եւ ներքին ուժային բախումներուն։

Մինչ այդ, միջազգային եւ տեղական շրջանակներու մէջ կը բարձրանայ հիմնական հարցումը․թէ ո՞վ կը պաշտպանէ Պէյրութը, եւ արդեօք լիբանանեան պետութիւնը կրնայ վերականգնել իր ինքնիշխանութիւնը՝ կանխելու համար նման աղէտներու կրկնութիւնը։

Վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ Լիբանանը այլեւս չի կրնար շարունակել գոյատեւել այսպիսի անորոշ եւ վտանգաւոր վիճակի մէջ՝ որպէս այլ պետութիւններու եւ ուժերու հակամարտութիւններու բաց դաշտ։ Պետական կառոյցներու թուլութիւնը, որոշումներու բեկորացումը եւ «Հըզպալլա»ի ապօրինի համարուած (Օրէնքի ուժով Խմբ. Ս. Արեան) զէնքի վերահսկողութեան բացակայութիւնը ոչ միայն կը խաթարեն երկրի կայունութիւնը, այլեւ կը խորացնեն անոր կախուածութիւնը արտաքին դերակատարներէն։

Այս իրադրութեան մէջ, հրատապ կը դառնայ պետական ինքնիշխանութեան վերականգնումը՝ ոչ թէ որպէս տեսական սկզբունք, այլ որպէս գործնական եւ կենսական անհրաժեշտութիւն։ Առանց այս քայլերուն, Լիբանանը պիտի շարունակէ մնալ մշտական ճգնաժամի մէջ, ուր պատերազմը կրնայ բռնկիլ ամէն պահու, իսկ խաղաղութիւնը մնայ ժամանակաւոր եւ խոցելի։ Պէյրութի վերջին արիւնալի օրը այս առումով ոչ թէ բացառութիւն էր, այլ վտանգաւոր նախազգուշացում մը՝ այն ապագային, որ կրնայ դառնալ առօրեայ իրականութիւն, եթէ չփոխուի ներկայ ընթացքը։

 

Բանակցութիւններ՝ առանց զինադադարի. Իսրայէլ կը սրէ հարուածները, եւ … կը բանայ դիւանագիտական ճանապարհը 

 Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ հրահանգած է իր կառավարութեան՝ որքան կարելի է շուտ սկսիլ ուղղակի բանակցութիւններ Լիբանանի հետ։Սակայն իսրայէլեան աղբիւրներ կը շեշտեն, որ Թել Աւիւ պատրաստ չէ զինադադար մը պահպանել Լիբանանի հետ, ինչ որ կը ստեղծէ հակասական եւ լարուած իրավիճակ։ Այս յայտարարութիւնը կը հետեւի Նաթանիահուի ունեցած հեռախօսազրոյցներուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով Սպիտակ Տան յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ։

Կը հաղորդուի, որ Ուիթքոֆ կոչ ուղղած է Նաթանիահուին՝ մեղմացնելու Լիբանանի դէմ հարուածները եւ միաժամանակ բանալու բանակցութիւններու դուռը։

Ստեղծուած իրավիճակը որոշ չափով շրջադարձ կը նկատուի Թրամփի դիրքորոշման մէջ, քանի որ ան նախապէս «կանաչ լոյս» տուած էր շարունակելու պատերազմը լիբանանեան «Հըզպալլա»-ի դէմ։

Իրանի կողմէ, սակայն, կը պնդուի, թէ Լիբանանը ներառուած էր զինադադարի համաձայնութեան մէջ, եւ այժմ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կը խախտեն այդ պայմանաւորուածութիւնը։ Թեհրան նաեւ կը սպառնայ դադրեցնել խաղաղութեան բանակցութիւնները կամ նոյնիսկ փակ պահել Հորմուզի նեղուցը։ Նման դիրքորոշում արտայայտած են նաեւ փաքիստանցի միջնորդները, որոնք կը հաստատեն, թէ Լիբանանը մաս կը կազմէր համաձայնութեան։

Իրականութեան մէջ, զինադադարի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, Իսրայէլ զգալիօրէն սրեց իր գործողութիւնները Լիբանանի մէջ։ Չորեքշաբթի օրուան հարուածները, ըստ լիբանանեան քաղաքացիական պաշտպանութեան, խլեցին առնուազն 300 մարդու կեանք։

Ակներեւ է, որ Սպիտակ Տան ճնշումներուն տակ Նաթանիահու որոշ չափով վերանայած է իր մօտեցումը՝ դիւանագիտական ուղիի բացման ուղղութեամբ։Ան նաեւ բարձր գնահատեց Լիբանանի վարչապետին կոչը՝ Պէյրութը զինաթափելու եւ «առանց զէնքի քաղաք» դարձնելու ուղղուած ջանքերը։Այնուամենայնիւ, իսրայէլեան աղբիւր մը կրկին ընդգծեց, որ «Լիբանանի մէջ զինադադար չկայ», եւ որ բանակցութիւնները պիտի սկսին մօտ օրերուն՝ առանց ռազմական գործողութիւններու դադարեցման։

Ըստ Axios պարբերականի աղբիւրներուն՝ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ։

Բանակցութիւններուն ամերիկեան կողմէն պիտի հետեւի Լիբանանի մէջ ԱՄՆ դեսպան, լիբանանեան ծագումով Միշէլ Իսա, Իսրայէլի կողմէ՝ ԱՄՆ-ի մէջ դեսպան Եխիէլ Լայթըր, իսկ Լիբանանի կողմէ՝ ԱՄՆ-ի մէջ դեսպան Նատա Հըմատէ-Մուաւատ։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...