Օրերս Եգիպտոս նշած է իր դիւանագիտական ծառայութեան հիմնադրութեան 200-ամեակը յուշադրոշմանիշի հրապարակումով։ Այդ մէկը կը խորհրդանշէ երկրի պետական կառավարման զարգացման ուղին եւ տարբեր ժողովուրդներու ներդրումը անոր կերտման մէջ։
Յուշադրոշմանիշը նաեւ կը յիշեցնէ Եգիպտոսի պատմութեան մէջ հայ համայնքի եւ նշանաւոր դէմքերու ունեցած դերը՝ շեշտելով բազմամշակութային ժառանգութեան կարեւորութիւնը։
Ստորեւ այդ մասին ամփոփ լրատւութիւն մը։
Եգիպտոս հրապարակած է դրոշմանիշային յուշաթերթիկ՝ նուիրուած արդի պետութեան դիւանագիտական ծառայութեան հիմնադրութեան 200-ամեակին (1826–2026), որով ոչ միայն կը նշուի յիշատակելի տարեդարձ մը, այլ նաեւ կը շեշտուի պետական շէնքի կառուցման մէջ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներուն, ներառեալ հայոց, նշանակալի ներդրումը։
Յուշաթերթիկը, որ հրապարակուած է Եգիպտոսի արտաքին նախարարութեան եւ թղթատարական ազգային ծառայութեան համագործակցութեամբ, ներկայացուած է դիւանագիտութեան օրուան առիթով։ Ան կը պատկերացնէ երկրի արտաքին քաղաքական համակարգին պատմական զարգացումը՝ ընդգրկելով անոր կազմաւորման տարբեր փուլերը։
.jpeg)
Հրապարակութեան առանցքային դէմքը Պօղոս պէյ Եուսուֆեանն է (1775–1844), նշանաւոր պետական գործիչ մը, որ կը համարուի Եգիպտոսի արտաքին յարաբերութիւններու հիմնադիրներէն մին։ Ան Մոհամմէտ Ալի փաշայի օրօք ղեկավարած է «առեւտուրի եւ արտաքին գործերու դիւանը», որ ըստ էութեան կը հանդիսանար արդի արտաքին նախարարութեան նախատիպը։
Պօղոս պէյ Եուսուֆեանի գործունէութիւնը կարեւոր դեր ունեցած է Եգիպտոսի միջազգային յարաբերութիւններու կազմաւորման եւ զարգացման մէջ՝ հիմք դնելով պետական դիւանագիտական համակարգին։
Պատմաբան Մոհամմէտ Ռեֆհաթ տարիներ առաջ բացայայտած էր Պօղոս պէյի օրերուն օգտագործուած դիւանագիտական արտաքին գրագրութեան գաղտնագիրը՝ հայատառ թրքերէն։
Յիշատակելի է, որ Պօղոս Եուսուֆեան եղած է նաեւ մանտարինի առաջին ներածողը Եգիպտոս, ուր մինչեւ այսօր պըտուղը կը կոչուի իր անունով՝ եուսուֆ էֆենտի։
Յուշաթերթիկին վրայ տեղ գտած են արտաքին նախարարութեան պատմական շէնքերը մինչեւ Նոր վարչական մայրաքաղաք, Դիւանագիտական ակումբը եւ Զաաֆարան պալատ։
Նախաձեռնութիւնը անգամ մը եւս կը շեշտէ Եգիպտոսի հայ համայնքին կարեւոր դերը երկրի պատմութեան մէջ։ Հայերը երկար տարիներ աշխուժօրէն մասնակցած են երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին՝ վարելով կարեւոր պաշտօններ եւ նպաստելով պետական կառավարման զարգացմանը։
Պետութեան այս քայլը կը նկատուի բազմամշակութային ժառանգութեան եւ համակեցութեան կարեւորութեան շեշտադրում։ Ան կը ցուցադրէ, թէ երկրի զարգացման մէջ տարբեր ժողովուրդներու ներդրումը կը շարունակէ արժեւորուիլ եւ յիշուիլ։