image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանէն ԵՄ-ին անդամակցելու յայտ չենք ստացած․ Մարթա Քոս

Հայաստանէն ԵՄ-ին անդամակցելու յայտ չենք ստացած․ Մարթա Քոս

«Ազատութեան» հետ ունեցած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին, Եւրոպական Միութեան դաշինքի ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոս յայտնած է, որ Հայաստանի կողմէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու դիմում չեն ստացած. երբ ստանան՝ պիտի քննարկեն զայն:

«Հայաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցածը ցոյց կու տայ, որ Եւրոպական Միութեան գրաւչութիւնը հիմա աւելի բարձր է, քան նախապէս: Որեւէ երկրի համար Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմելու համար կան երկու պայմաններ՝ անիկա պէտք է ըլլայ պետութիւն մը եւ ըլլայ Եւրոպայի մէջ», ըսած է Քոս:

Նախորդ ամիս, Հայաստանի խորհրդարանը որդեգրեց Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկին օրինագիծը: Նոյն ատեն, Երեւան կը յայտարարէ, որ թէեւ օրինագիծը համահունչ է Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացման ծրագիրին եւ Հայաստանի որդեգրած՝ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան, սակայն անիկա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յայտ չէ: «Այդ դիմումը ներկայացնելու համար Հայաստան շարք մը պէտք է անցնի ընթացակարգերէ. երբ անոնք գործադրուին, զանոնք նկատի կ՛առնենք», յայտնեց Քոս՝ աւելցնելով. «Պէտք է որոշ պայմաններ բաւարարուին, յետոյ կը տեսնենք»: