ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչ Լուիս Կրասայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի ժամանէ նոյեմբեր 22-26-ը:
Այս մասին կը տեղեկանանք ԱԺ նախագահի՝ պատուիրակութեան ընդունելութեան մասին կարգադրութենէն:
Պատուիրակութիւնը պիտի ընդունի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեանը: