image

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստը պիտի կայանայ փետրուար 13-ին՝ Պրիւքսէլի մէջ

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստը պիտի կայանայ փետրուար 13-ին՝ Պրիւքսէլի մէջ

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստը պիտի կայանայ փետրուար 13-ին, Պրիւքսէլի մէջ։ Ինչպէս կը տեղեկանանք Եւրոխորհուրդի մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութենէն, նիստը պիտի մեկնարկի ժամը 11։30-ին։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ նիստի ընթացքին կողմերը միտքեր պիտի փոխանակեն Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի իրականացման ընթացքի եւ գործընկերութեան առաջնահերթութիւններու, ինչպէս նաեւ գործընկերութեան առաւել յաւակնոտ ծրագրի առաջմղման հնարաւորութիւններու շուրջ։

Անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ քաղաքական երկխօսութեան, ժողովրդավարութեան, բարեփոխումներուն, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներուն, տնտեսական, առեւտրային համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ գաղթի եւ վիզայի ազատականացման շուրջ երկխօսութիւն սկսելու հեռանկարներուն:

Բացի այդ, կողմերը կարծիքներ պիտի փոխանակեն քաղաքական հարցերու, այդ շարքին՝ տարածաշրջանային եւ անվտանգային հարցերու ու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ:

Հաղորդուած է, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը նիստին պիտի մասնակցի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, իսկ Գործընկերութեան խորհուրդը պիտի նախագահէ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը։

Յիշեցնենք, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի չորրորդ նիստը կայացած էր 2022 թուականի մայիս 18-ին, Պրիւքսէլի մէջ։