image
Հրատապ լուրեր:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը միջնորդի կարիք չունի. Չաւուշօղլու

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը միջնորդի կարիք չունի. Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խօսած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին:

Չաւուշօղլուն յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը միջնորդի կարիք չունի: Ան շեշտած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին Ատրպէյճանը այս ձեւաչափով կ'աջակցի:

Չաւուշօղլուն, նշելով, որ Ատրպէյճանը Հայաստանին  խաղաղութեան համաձայնագիր առաջարկած է, շեշտած է, որ Թուրքիան իր հերթին կ'աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան ուղղուած որեւէ քայլի: