image

Հայ-թրքական գործընթացը «հրաշք» է. ԱՄՆ դեսպան

Հայ-թրքական գործընթացը «հրաշք» է. ԱՄՆ դեսպան

Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճեֆրի Ֆլէյք անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

ԱՄՆ դեսպանը շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները գոհունակութիւն յայտնած է Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Դեսպանին խօսքով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը «հրաշք» զարգացում է:

Ան ընդգծած է, որ սկիզբը Մոսկուայի, այնուհետեւ Վիեննայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումները կ'ուրախացնեն Ամն-ն, իսկ երկու երկիրներու միջեւ ուղիղ թռիչքներու սկսումը կարեւոր նշան է: