image

Հաճիեւ յայտարարած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակցութեանց ուղիներուն մասին

Հաճիեւ յայտարարած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի  բանակցութեանց ուղիներուն մասին

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական, վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար՝ Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու ուղղութիւնները.

«Այս ամսուայ վերջը Պրիւքսէլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հանդիպումը: Մենք յուսով ենք, որ այս հանդիպման կը համաձայնեցուի կազմակերպել աշխատանքային խումբ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի տեքստի պատրաստման համար։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ, պիտի քննարկեն փոխադրային կապի եւ սահմանազատման հարցերը»,- ըսած է ան: