Օգոստոսի 17-ին ատրպէյճանական «Հաքքին.ազ» լրատուամիջոցի գլխաւոր խմբագիր Էյնուլա Ֆաթուլաեւ ռուս սահմանապահներու ուղեկցութեամբ այցելած է Բերձոր, Աղաւնօ, ներկայացած որպէս միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ ու զրուցած Աղաւնոյի գիւղապետի, այնտեղ գտնուող հայաստանցիներու հետ։
Tert.am-ը տեղի ունեցածի վերաբերեալ զրուցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի մամուլի խօսնակ Լուսինէ Աւանէսեանի հետ, որ նշած է, որ այս հարցով Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կապի մեջ են Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ։
«Ինչպէս արդէն իսկ պարզաբանուել է ԱՀ ԱԽ գրասենեակի կողմից՝ Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհրդի քարտուղարը դիմել է Հանրապետութիւնում տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարին եւ պահանջել արգելել խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատւութեան գօտի առանց Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհրդի եւ խաղաղապահ զօրակազմի համաձայնութեան, Ատրպէյճանի եւ այլ երկրների զանգուածային լրատուական միջոցների ներկայացուցիչների մուտքը։ Յուսով ենք, որ նման սադրանքները այսուհետ կը բացառուեն»,- նշած է Աւանէսեան: