Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կարեւոր գործընկերն է: Այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը:
«Ներկայիս աւելի, քան նախապէս ՄԱԿ-ը կը յենի տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու հետ աւելի սերտ ու խոր համագործակցութեան վրայ, եւ ՀԱՊԿ-ը ՄԱԿ-ի համար կարեւոր գործընկեր է», ըսած է Կութերեշ ՀԱՊԿ-ի հետ համագործակցութեան նուիրուած նիստին:
Ան յոյս յայտնած է խաղաղապահ առաքելութիւններու ոլորտին մէջ ամրապնդել համագործակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի հետ: