image

ՀԱՊԿ-ը կարեւոր գործընկեր է ՄԱԿ-ի համար. Կութերեշ

ՀԱՊԿ-ը կարեւոր գործընկեր է ՄԱԿ-ի համար. Կութերեշ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կարեւոր գործընկերն է: Այս մասին  յայտնած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը:

«Ներկայիս աւելի, քան նախապէս ՄԱԿ-ը կը յենի տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու հետ աւելի սերտ ու խոր համագործակցութեան վրայ, եւ ՀԱՊԿ-ը ՄԱԿ-ի համար կարեւոր գործընկեր է», ըսած է Կութերեշ ՀԱՊԿ-ի հետ համագործակցութեան նուիրուած նիստին:

Ան յոյս յայտնած է խաղաղապահ առաքելութիւններու ոլորտին մէջ ամրապնդել համագործակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի հետ: