image

ՀԱՊԿ-ի Քարտուղարը Հայաստան պիտի այցելէ

ՀԱՊԿ-ի  Քարտուղարը Հայաստան պիտի այցելէ

ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդն արտահերթ նիստին առաջարկած է աշխատանքային խումբ ստեղծել՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի սրման հետ կապուած առաջարկներու մշակման եւ իրավիճակի վերլուծութեան համար։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։

Նիստին առաջարկուած են քայլեր, որոնք կրնան իրականացուիլ գործնական կարգով։ Անոնց շարքին է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի այցը հակամարտութեան գօտի՝ պետութիւններու ղեկավարներու համար մանրամասն զեկոյց կազմելու համար։ Միւս քայլը ՀԱՊԿ Քարտուղարութեան եւ Միացեալ շտաբի աշխատակիցներէն աշխատանքային խումբի ստեղծումն է իրավիճակի վերլուծութեան եւ առաջարակներու համար։