Ռուսիան Հայաստանին կոչ ըրած է հրապարակային յարձակումներու եւ քննադատութեան փոխարէն սկսելու ՀԱՊԿ-ի մէջ տիրող վիճակի քննարկում, «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքինը։
«Մենք բոլորս շահագրգռուած ենք ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան հետագայ բարելաւմամբ եւ որպէս ռազմաքաղաքական միաւորում՝ ատոր արդիւնաւէտութեամբ։ Անշուշտ, ատոր պիտի նպաստէր Հայաստանի շուտափոյթ վերադարձը կազմակերպութեան շրջածիրէն ներս բնականոն եւ լիարժէք աշխատանքի։ Ցաւօք, մեր հայ դաշնակիցները առայժմ իսկապէս հեռացած են ատկէ: Կոչ կ՚ընենք Երեւանի մեր գործընկերներուն կազմակերպութեան հասցէին հրապարակային յարձակումներու, քննադատութեան փոխարէն սկսելու հասունցած հարցերու քննարկում՝ քաղաքական եւ փորձագիտական մակարդակներու վրայ»,-ըսած է դիւանագէտը։
Մոսկուան կը մեկնի անկէ, որ ՀԱՊԿ շրջածիրէն ներս Հայաստանի հետ փոխադարձ յարգալից երկխօսութեան շարունակումը կը համապատասխանէ անվտանգութեան ոլորտի մէջ Երեւանի շահերուն եւ կը ծառայէ եւրասիական տարածքին մէջ, այդ շարքին՝ հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման։
Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս մեղադրած են ՀԱՊԿ-ը եւ Ռուսիան իրենց պարտաւորութիւնները չկատարելու համար։ Աւելի վաղ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարած էր մասնակցելէ նոյեմբեր 23-ին Մինսքի մէջ կայացած ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին։ Մայիսին Մինսքի մէջ ՀԱՊԿ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին չէ մասնակցած Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավար Սուրէն Պապիկեանը։ Սեպտեմբերին Հայաստանը փրկարարներ չէ ուղարկած ՀԱՊԿ երկիրներու զօրավարժութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած են սեպտեմբերին Պելառուսիոյ մէջ, իսկ մինչ այդ Հայաստանի իշխանութիւնները աննպատակայարմար համարած էին ՀԱՊԿ խաղաղապահ զորամիաւորումներու «Անխորտակելի եղբայրութիւն-2023» զօրավարժութիւններու կայացումը հանրապետութեան տարածքին: