image

Հանրայայտ դաշնակահար Սօսի Եագուպեան Ղազարեանի մահը՝ Հալէպի մէջ

  Հանրայայտ դաշնակահար Սօսի Եագուպեան Ղազարեանի մահը՝ Հալէպի մէջ

 Օրերս Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ համայնքի սիրուած  անձնաւորութիւններէն, ճարտար դաշնակահար եւ նուիրեալ միութենական՝ Տիկն. Սօսի Եագուպեան Ղազարեանը։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ Հալէպէն։

Ստորեւ  կը ներկայացնենք  Համազգայինի Սուրիոյ ընտանիքին կողմէ այս առթիւ տարածուած մահագրութիւնը։

 

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի նախկին դաշնակահար`

 

Սօսի Եագուպեան- Ղազարեանի 

մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2023-ին։

 

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի որդիին եւ հարազատներուն։

Խունկ եւ աղօթք կը բարձրացնենք հանգուցեալի հոգիին խաղաղութեան համար։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի