Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դիմատետրի էջէն կը կարդանք ՝
Կիրակի 25 Սեպտեմբեր 2022-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հայաստանի 31-րդ անկախացման տօնին առիթով գոհաբանական աղօթք:
Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ Ս. եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան: Ս. Պատարագին աւարտին Սրբազան հայրը կատարեց Նորաօծ Միւռոնով ջրօրհնէք: Ապա հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:
Սրբազան հայրը իր օրուայ պատգամին մէջ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս Միւռոնի կարեւորութեան եւ անոր ունեցած հրաշագործ ազդեցութեան:
Ապա անդրադառնալով օրուայ տօնին, Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ ներկայ պայմաններու լոյսին տակ անկախութիւն պահելը հրամայական է, նկատի ունենալով վերջին ճակատագրական անցուդարձերը: Հետեւաբար անկախութիւնը տրուած է ամբողջ հայութեան որպէս պատգամ միասնականութեան եւ հայրենիքի պահպանութեան:
Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց՝ Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տէր Վաչէ Վրդ. Պալքճեան:
