Լիբանանահայ օգտատէրուհի, յաճախ գրութիւններով հանդէս եկող տիկն. Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան կը գրէ՝
Շահէ Պէքմէզեանի յիշատակին…
«Հանգչիր խաղաղութեամբ, սիրելի ընտանեկան բարեկամ Շահէ Պէքմէզեան։ Ո՞վ կը կարծէր, թէ այդ երկու հանդիպումներս պիտի ըլլային վերջինը։ Անսահման երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք քեզ ու այն ժառանգութիւնը, որ թողուցիր որպէս ազնիւ, իմաստուն, անկեղծ եւ հոգատար մարդ։ Այժմ երկնքի մէջ ես՝ քո սիրելի որդի Յովիկի եւ դուստր Հուրիի (իմ սիրելի բարեկամուհին), ինչպէս նաեւ ընտանիքիդ այլ անդամներուն եւ մանաւանդ ընկերոջդ՝ Տոքթ. Կարոյի հետ։ Իմ խորին ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ ընտանիքիդ անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ունեցած են անձամբ քեզ ճանչնալու պատիւը»։