image

Համայի մէջ. 15 տարուան բացակայութենէ ետք. Կիրակնօրեայ սաներու ճամբար

Համայի մէջ. 15 տարուան բացակայութենէ ետք. Կիրակնօրեայ սաներու ճամբար

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, ղեկավարութեամբ՝ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչաց կազմին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ օծման 90-ամեակին առիթով, 24-30 Յունիս 2024-ին տեղի ունեցաւ Ճեզիրէի երեք շրջաններու Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտական Աստուածաշնչական ճամբար, Համա նահանգի Պարշին գիւղի Ս. Աստուածածին անտառի պահապան վանքին մէջ, մասնակցութեամբ շուրջ 60 աշակերտներու։ Պատասխատուներուն եւ բոլոր ընկերակցողներուն թիւը կազմեց շուրջ 90 անհատներ։ Հանապազօրեայ հացի պատրաստութիւնը կատարուեցաւ եկեղեցասիրաց տիկիններուն կողմէ, գլխաւորութեամբ տիրամայր Լուսովարդ Սարգիսեանին։ Հայր Սուրբին կողքին երիտասարդ օգնականներուն կը գլխաւորէր Գամիշլիի թաղական խորհուրդի անդամներէն Տիար Յարութ Մանուկեանը։ Նաեւ կը գտնուէր բուժքոյր օր. Շուշիկ Ղազարեանը։

Մէկ շաբթուան ճամբարի ընթացքին, ժամանակացոյցին համաձայն աշակերտները օգտաշատ դասապահեր ունեցան, մասնակցելով պատրաստուած բոլոր ծրագիրներուն։ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցան չորս դասախօսութիւններ, նաեւ հիւրաբար ներկայ եղող Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան ներկայացուց դասախօսութիւն մը։ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ճէզիրէի երկու աշակերտներու՝ Գաբրիէլ կիս. սրկ. Թահանեանի եւ Նորիկ Վարդանեանի գլխաւորութեամբ շարականներու ուսուցում կատարուեցաւ։ Ուսուցչական կազմին եւ Ներսէս կիս. սրկ. Իսահակեանին գլխաւորութեամբ սաղմոսներու ուսուցում եւ աստուածաշնչական խաղեր կատարուեցան։ Յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ ուրախ ժամանց, աւազանագնացութիւն եւ քայլարշաւներ։

Ժամերգութիւնները կատարուեցան այցելած շրջանի եկեղեցիներուն մէջ։ Պարշինի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան մասնակից դարձաւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Տ. Սպիրտոն Քահանան։ Նաեւ Մաշթա ալ-Հլույի, Ճապալ ալ-Սէյտայի վանքին եւ բնակութեան վանքի կողքին գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութիւն կատարուեցաւ։

Ճամբարի աշխատանքներու ծիրէն ներս, մեծ օրհնութիւն եւ ուրախութիւն էր բոլորին համար Ուրբաթ 28 Յունիս 2024-ին, այցելութիւնը Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, որուն կ՚ընկերակցէր Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Արմէն Գասպարեանը եւ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէկեանը։ 

Աշակերտները իրենց խանդավառութիւնը արտայայտեցին սաղմոսերգելով եւ իրենց սորված շարականները երգելով։ Ճամբարի պատասխանատու Քահանայ Հայրը Սրբազանին բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր օրհնաբեր այցելութեան համար, ապա Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան Սրբազան Հօր ներկայացուց ճամբարի անուանումը եւ աշխատանքները։

Սրբազան հայրը խօսք առնելով մեծապէս ողջունեց ներկաները, ապա իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց անմիջական ներդրումը բերին յաջողցնելու համար սոյն ճամբարը, որ խորքին մէջ աստուածահաճոյ մեծ առաքելութիւն մըն է եւ դժուար ու ծանր պատասխանատուութիւն։ Ան, Աստուծոյ շնորհակալութիւն եւ գոհութիւն յայտնեց, որ 15 տարի վերջ Ճէզիրէի շրջանի կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները կարողացան Ճէզիրէէն դուրս կատարել իրենց Աստուածաշունչի ճամբարը։ Աւարտին, Հայր Սուրբը Սրբազան Հօր փոխանցեց յուշանուէր մը, որուն վրայ գծուած էր գիւղին բարձր լերան վրայ կանգնած Պահապան խաչին պատկերը։

Սրբազան Հայրը նախագահեց եւ օրհնեց օրուան ճաշը եւ մասնակից դարձաւ համեստ սիրոյ սեղանին եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն: