Կազայի մէջ իսրայէլեան օդային հարուածներու հետեւանքով առնուազն 25 մարդ զոհուած է, այդ շարքին՝ կանայք եւ երեխաներ՝ յայտնած են «Համաս»-ի ներկայացուցիչները՝ այդ որակելով «լրջագոյն մագլցում»։ Աւելի վաղ իսրայէլեան բանակը յայտնած էր, որ Խան Եունեսի մէջ զինեալները կրակած են իսրայէլցի զինծառայողներու վրայ՝ խախտելով հրադադարի համաձայնութիւնը: «Համաս»-ը հերքած է յարձակման բոլոր մեղադրանքները:
Շարժման տուեալով՝ նոյեմբեր 10-ին Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ հաստատուած հրադադարէն ետք իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 300 պաղեստինցի։
Միեւնոյն ժամանակ, Human Rights Watch կազմակերպութիւնն Իսրայէլը մեղադրած է Արեւմտեան ափին մէջ պատերազմական յանցագործութիւններու համար:
2025 թուականի սկիզբէն Արեւմտեան ափի փախստականներու երեք ճամբարներէն աւելի քան 30 հազար պաղեստինցի արտաքսուած է. անոնք մինչ այժմ չեն կրնար իրենց տուներ վերադառնալ: Կազմակերպութիւնը սա որակած է պատերազմական յանցագործութիւն եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն՝ միջազգային հանրութեան կոչ ընելով միջոցներ ձեռնարկելու իսրայէլցի պաշտօնեաները պատասխանատւութեան ենթարկելու եւ հետագայ ոտնձգութիւնները կանխելու նպատակով:
Իսրայէլի բանակը Reuters-ին յայտնած է, որ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները ոչնչացուած են, որպէսզի չօգտագործուին զինեալներու կողմէ: