Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը Միջազգային քրէական դատարանին (ՄՔԴ) կոչ ըրած է միջոցներ ձեռնարկելու «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի սպանութեան առնչութեամբ։ «Համաս» անոր մահուան մէջ մեղադրած է Միացեալ Նահանգները։
«Մենք կը վերահաստատենք մեր համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը «Հըզպալլա» եղբայրներուն եւ կոչ կ'ընենք Միջազգային քրէական դատարանին անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու սիոնիստական կազմակերպութեան առաջնորդները որպէս ռազմական յանցագործներ հետապնդելու եւ ձերբակալելու համար»,-յայտարարած է «Համաս»:
««Համաս» եւ «Հըզպալլա» կը յայտարարեն Իսրայէլի դէմ միասնական ճակատ ստեղծելու մասին»,- աւելցուցած է շարժումը։