Հալէպէն գօտեպնդող լուր ստացանք։ Յառաջիկայ կրթական տարուան վերամուտին իր դռները աշակերտութեան պիտի վերաբանայ Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանը։
Այս մասին «Արեւելք»ին հաղորդեց հալէպահայ երիտասարդ լրագրող՝ Յովիկ Շէհիրեան։
Ստորեւ Շէհիրեանի գրչով պատրաստուած լրատւութիւնը։
Հալէպի առաջին հայկական ճեմարանը` Կիլիկեան Ճեմարանը շուտով կը վերաբացէ իր դռները։
Երեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2024֊ին, ձեռամբ Դամասկոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի Ճեմարանի վերանորոգման վերջին փուլի հիմնաքարը դրուեցաւ։
Կիլիկեան Ճեմարանը հալէպահայ ամենավաղեմի վարժարանն է, հիմնուած 1921 թուին եւ առաջինն է, որ ուսուցանած է արաբերէն լեզուն մեծ եղեռնէն ճողոպրած սերունդներուն։
Հայկական առումով կարեւորութիւն ունենալու կողքին, Ճեմարանը կարեւոր կը նկատուի հնագիտական ծիրէն ներս։ Ճեմարանի կառույցը նախքան վարժարանի վերածելը հարիւրամեակ արաբական տուն մը եղած է, որուն շնորհիւ տեղ գրաւած է Եունէսքօ֊ի համաշխարհային հնութիւններու ցանկին մէջ։
Հարիւրերեք տարուայ պատմութիւն ունեցող վարժարանը մեծապէս վնասուած էր Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին, դառնալով մարտի ճակատ պետական բանակին եւ ահաբեկիչ խմբաւորումներուն մէջ։
2017-ին Հալէպ քաղաքը ապահով դառնալով սկսած են մասնակի նորոգութիւններ, ապա 2023-ի Ապրիլ 6-ի երկրաշարժէն դարձեալ վնասներ կրելով Ճեմարանը կ'ենթարկուի հիմնական նորոգութեան, օժանդակութեամբ kerk in actie եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին։