ԱՄԷ-ի ափերուն մօտ առեւտրական նաւ մը գրաւուած է, որ կ՚ուղեւորուի դէպի Իրան։ Այս մասին նշուած է Մեծն Բրիտանիոյ ռազմածովային ուժերուն կից Ծովային առեւտրական փոխադրումներու համակարգման կեդրոնին յայտարարութեան մէջ։
«UKMTO-ն հաղորդում ստացած է միջադէպի մասին, որ տեղի ունեցած է ԱՄԷ-ի Ֆուճէյրա քաղաքէն 38 ծովային մղոն (70 քլմ՝ խմբ. ԹԱՍՍ) հիւսիս-արեւելք։ Ընկերութեան անվտանգութեան պատասխանատուն յայտնած է, որ նաւը գրաւուած է չարտօնուած անձերու կողմէ՝ խարիսխակայանի ժամանակ, եւ ներկայիս կ՚ուղեւորուի դէպի Իրանի տարածքային ջուրեր», - նշուած է ծանուցման մէջ։
Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։ Դէպքի շուրջ քննութիւն կը կատարուի։