Հալէպի մէջ երիտասարդ միաբաններ կը շարունակեն իրենց եկեղեցանուէր առաքելութիւնը։
Այս ծիրէն ներս օրերս Բերիոյ Թեմէն ներս ծառայող Տ. Արմէն աբղ. Գալայճեան Սուրբ Պատարագ մատուցած է եւ յաւուր պատշաճի քարոզ տուած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 5 Մայիս 2024-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Հայր Սուրբի քարոզին բնաբանն էր օրուան աւետարանական հատուածէն քաղուած հետեւեալ համարը. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ» (Մր 8.34), որուն ընդմէջէն ան հրաւիրեց հաւատացեալները ուրանալու իրենց անձերը եւ փրկութեան առաջնորդող միակ ճանապարհը՝ Ս. Խաչը ունենալով իրենց կեանքին մէջ, առանց տատամսումի եւ վախի հետեւելու Քրիստոսի։