Հալէպի մէջ, օրերս, նշուած է Թեմի երէց Քահանայ Արժ. Տ. Համազասպ Ա. Քհնյ. Շաքարեանին ծննդեան 100-րդ տարեդարձը։
Այս առթիւ Քահանայ Հօր այցելութիւն տուած են Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան եւ Հալէպի հոգեւորականաց դասը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
«Քահանայք Քո զգեցցին զարդարութիւն, եւ սուրբք Քո ցնծալով ցնծասցեն» (Սղ 131.1):
Անցնող օրերուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան եւ Հալէպի հոգեւորականաց դասը, այցելութիւն տուին Թեմի երէց Քահանայ Արժ. Տ. Համազասպ Ա. Քհնյ. Շաքարեանին, իր բնակարանէն ներս, ուր ուրախ տրամադրութեամբ նշեցին վաստակաշատ Քահանայ Հօր ծննդեան 100-րդ տարեդարձը:
Յարգալիր եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ, սրբազան հայրը, հայր սուրբը եւ քահանայ հայրերը, աւագ քահանայ հօր ուրախութիւնը կիսելով, միասնաբար 100-ամեակի կարկանդակը հատեցին:
Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով շնորհաւորեց քահանայ հայրը եւ աղօթեց, որ Ամենակալը առողջութեամբ լեցուն, բարեբեր եւ երկար տարիներ պարգեւէ անոր:
Այս առիթով, Առաջնորդ սրբազան հօր եւ քահանայից դասուն կողմէ նուէր փոխանցուեցաւ քահանայ հօր։