Հալէպի հայկական թաղամասերու մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէ: Նշենք, որ անցնող օրերուն եւս հայկական շրջանները ապրեցան համեմատական հանդարտ դրութիւն մը, մինչ քաղաքի ծայրամասերուն եւ այսօր հարաւային շրջաններուն մէջ թէժ մարտեր տեղի կ'ունենան: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, Սուրիոյ բանակը ծանր մարտեր մղելէ ետք յաջողած է հարաւային շրջանին մէջ գտնուող «օդանաւային պաշտպանութեան ջոկատներ»ու զօրակայան մը գրաւել: Սուրիոյ բանակը նոյնպէս յաջողած է իր կրակային տիրապետութիւն տարածել, «Թալ Պազօ», «Ռաշիտին Խամսէ» եւ «Ալ Պըրէյժ» շրջաններուն ուղղութեամբ: Ըստ նոյն աղբիւրիին ընդդիմադիր կոչուած զինեալները մարդկային տոյժեր եւ զինուորական մեծ կորուստներ ունին: