image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպէն հեռանալ ուզողներուն մասին

Հալէպէն հեռանալ ուզողներուն մասին

Անցնող օրերուն Հալէպի շուրջ ցայտուն դարձած պատերազմական ծանր իրադրութիւնը կը շարունակուի: Մէկէ աւելի լրատուական աղբիւրներ այս առումով տեղեկութիւն կը փոխանցեն, որ Հալէպի մէջ ընթացող մարտերը կրնան աւելի բարդ եւ վատթարագոյն հետեւանքներ ունենալ: Այս առումով վտանգի տակ են նաեւ Հալէպի հայկական թաղամասրը: Անցնող ուրբաթ օր գրանցուած ծանր վիճակէն ետք, երէկ եւս Հալէպի հայկական շրջանները արիւնալի օր մը ապրեցան: Նոր Գիւղի մէջ երեք հայ երիտասարդներ զոհուեցան, մինչեւ տասի չափ հայորդիներ վիրաւորուեցան: Սայս բոլորին հետ զուգընթաց եւ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Հալէպէն հեռանալու փափաքի մը մասին ձայնը սկսաւ լսելի դառնալ: Հերթաբար եւ «Արեւելք»ի Ֆէյսպուքեան էջին գրելով փափաք կը յայտնէին դուրրս գալ իրենց սիրելի ծննդավայրէն հաւաստելով, որ իրավիճակը սկսած է դառնալ անտանելի:

«Արեւելք» անաչառ լրագրութիւն ընելու յանձնառութեամբ հրապարկեց մեր հայրենակիցներուն նամակները, որուն իբր արդիւնք տարբեր Հայաստան ու տարբեր երկիրներ ապրող հայորդիներ ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեցին, իրենց նեցուկը ցոյց տալ օժանդակելու համար Հայաստան փոխադրուիլ ուզող մեր հարազատներուն:

Այս կարեւոր գործընթացին աշխատանքները կը գտնուին նախնական փուլի մը մէջ ու այսօր եւս պիտի կատարուին որոշակի կարգադրութիւններ ապահովելու համար մեր հայրենակիցներուն Հայաստան փոխադրութիւնն ու ապա յարմար վայրեր տեղաւորումը:

Այս գործին յաջողութեան համար կարիք կայ, բոլորին մասնակցութեան: Ու մանաւանդ Հալէպէն դուրս գալ եւ Հայաստան փոխադրուիլ ուզող հայորդիներուն անվտանգութեան գրաւականը մեր բոլորին պարտականութիւնն է:



«Արեւելք» այս առումով կոչ կ'ընէ, բոլոր հայորդիներուն ու մասնաւորապէս անոնց, որոնք կարողութիւն ունին հասնելու մեր աղէտեալ հայրենակիցներու Հալէպէն տարհանման գործին մասնկացիլ այս կարեւորագոյն գործին:

Հալէպահայութիւնը վտանգուած է այսօր ու առնուազն անոնք, որ կը փափաքին գէթ ժամանակաւորապէս հեռանալ Հալէպէն պէտք է արժանի դառնան մեր բոլորին անձնուէր վերաբերմունքին:



Գրեցէք մեզի՝ Arevelk1@gmail.com