image

Հալէպահայ խոհարարին նոր յաջողութիւնը

Հալէպահայ խոհարարին նոր յաջողութիւնը

Ճափոնական լապշա (փիլաւ) ծովախեցգետինով  եւ բողկի ծիլերով: Այսպէս՝ ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8-էն խոհանոցին մէջ կ'աշխատի սփիւռքահայ խոհարար Մկրտիչ (Մկօ) Գազանճեան: Առաջին քայլերը առած է Սուրիա, ապա որպէս խոհարար որակաւորուած է Յորդանանի մէջ, աշխատած եւ կատարելագործած է գիտելիքները, հիմա կը գտնուի Հայաստան՝ նոր մօտեցմամբ եւ բաղադրատոմսերով: Երիտասարդ խոհարարին հիմնական նպատակը խոհանոցին միջոցաւ Հայաստանը աշխարհին ճանաչելի դարձնելն է:

«Արաբական աշխարհին մէջ չեն գիտեր Հայաստանի տեղը: Անոնք գիտեն հայկական կերակուրներ, բայց չեն գիտեր, թէ Հայաստանը ո՛ւր է քարտէսին վրայ: Ես կրցայ շատ փոքր բանով ներկայացնել, թէ Հայաստանը ո՛ւր է», կ'ըսէ Մկօն:

Կը սիրէ նոր համեր ստեղծել, փորձարկումներ ընել եւ ծանօթ ուտեստները մատուցել նոր մօտեցմամբ:

Մկօ նախքան Մայր հայրենիք գալը մասնակցած է խոհարարական մրցոյթներու՝ ներկայացնելով Հայաստանը: 

«2015-ին, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանը ներկայացուցի Արաբական աշխարհին մէջ երիտասարդական մրցոյթի մը եւ գրաւեցի առաջին տեղը», կը պատմէ խոհարարը:

Ան կ'ըսէ, թէ Հայաստան հաստատուելու ատեն սկիզբը քիչ մը դժուար էր յարմարիլ տեղւոյն նիստուկացին. աշխատանքին մէջ վարժուած էի կարգ ու կանոնի եւ պատասխանատուութեան՝ հակառակ բարձր աստիճան ունենալուն: Սկիզբը դժուարութեամբ գործընկերներ գտած է, բայց այժմ ան ունի յաջող ասպարէզ եւ լաւ աշխատակազմ: Հիմա, որպէս աւագ խոհարար, կ'աշխատի նորաբաց «Փաւիլիոն» ճաշարանին մէջ:

Խոհանոցային աշխատանքը արուեստ համարող խոհարարը պատրաստ է նոր մարտահրաւէրներու: Իսկ այդ ընթացքին ան կը դիմաւորէ, կը պատրաստէ եւ համեղ կերակուրներ կը մատուցէ իր յաճախորդներուն:   

 

Նիւթը՝  «Նոր  Յառաջ»էն: