image

Հալէպ.Մահացած է նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական՝ Սամուէլ Ազարիկեանը

 Հալէպ.Մահացած է նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական՝ Սամուէլ Ազարիկեանը

Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի նուիրեալ անդամներէն՝ Սամուէլ Ազարիկեան։

Տխուր լուրին մասին   «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ  պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած մահագրութիւնը՝ 

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի վաստակաշատ երէց եղբայր, փողերախումբի թմբկահար, հեծելանիւի Սուրիոյ ախոյեան, «Ծառայութեան» շքանշանակիր՝

ԵՂԲ. ՍԱՄՈՒԷԼ ԱԶԱՐԻԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2025-ին, Հալէպի մէջ։

Սամուէլ Ազարիկեան, փոքր տարիքէն անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շարքերուն։ Եղած է գայլիկ, ապա սկաուտ եւ մարզիկ։ Մաս կազմած է փողերախումբին, որպէս թմբկահար։ 1956-ին մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հեծելանիւի խումբին։ Մասնակցած է Հալէպի եւ Սուրիոյ Հեծելանիւի ախոյեանութեան մրցումներուն եւ 1957-ին հանդիսացած է Սուրիոյ Ախոյեան։

Երկար տարիներ եղած է Հալէպի մասնաճիւղի հեծելանիւի խումբի մարզիչ։

Իր երկարամեայ ծառայութեան համար եղբ. Սամուէլ Ազարիկեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Ծառայութեան» շքանշանով։

Հանգուցեալ եղբօր թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2025-ին, կէսօրուան ժամը 2:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ողջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն, հանգուցեալ եղբօր կնոջ, զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն։

Խունկ եւ աղօթք կը բարձրացնենք հանգուցեալի հոգիին խաղաղութեան համար։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։