«Մանկութեանս օրերուն միշտ դիտած եմ հայրս ինչպէս կ'աշխատէր գորգով: Ես ալ փորձեցի ու սիրեցի, եւ ահա կեանք մը այդ արհեստով կ'ապրիմ»,.- Այսպէս խօսեցաւ Օմար Ալ Ռաուաս «Ալ Խապար» կայքին տուած զրոյցին ընթացքին:
Ջուլհակ Օմար, նստելով իր հին գորգին առջեւ, ստեղծագործած է մշակոյթի գլուխ գործոցներ: Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն իսկ, ան չէ դադրած մանելէ, եւ իր մասնակցութիւնը բերած է զանազան ցուցահանդէսներու: «Ալ Ռաուաս» ապրանքանիշով ձեռագործ գորգը գրեթէ միակը մնացած է Հալէպի մէջ: «Մեր արհեստը կը պահանջէ արուեստի զգացում ու ծով համբերութիւն, բայց հիմնական գաղտնիքը այն է, որ պէտք արհեստդ սիրես»:
Նախքան պատերազմը, Օմարին գլխաւոր եկամուտը զբօսաշրջիկներէն եղած էր, որոնք Հալէպ հասնելով կը գնէին իր գորգերը։
Իսկ պատերազմէն ետք, արհեստը նոր տեսակի դժուարութիւններ սկսած է դիմակայել, ինչպէս՝ նիւթերու ապահովումն ու սղաճը, նաեւ նոր շուկաներու որոնումը:
Օմար այժմ կը զբաղի պատերազմէն ու լքուածութենէն հնամաշ եղած գորգերու վերանորոգումով:
Իսկ ցուցահանդէսներու իր մասնակցութեան մասին ջուլհակը ըսաւ.-«Կը զգամ մարդոց զարմանքը ի տես հին փայտեայ աւանդական տորգին: Անոնք կը նկարուին անոր կողքը կանգնած: Իմ նպատակը նիւթական ակնկալութիւնը չէ, այլ տարածելն է մեր ժառանգութեան մաս կազմող այս արհեստը, հաստատելու թէ ձեռային արհեստները երբեք չեն մեռնիր»:
Ներկայիս, ան որ ձեռագործ գորգ ունի, կարծես տէրն է թանկարժէք գանձի մը: Արդեօ՞ք աւանդական ձեռային գորգագործութիւնը պիտի կարողանայ տոկալ արդիականութեան հոսանքին դիմաց:՚
Թարգմանեց ՝ Թ.Գ.